«Բագին»Ի 50-ամեակ` 1600-ամեայ Հայ Գրականութեան Գիծին Վրայ
Յ. ՊԱԼԵԱՆ
«Բագին»ը յիսուն տարեկան է:
Հայագիր հայ գրականութիւնը հազարվեց հարիւր տարեկան է:
Որովհետեւ դիցաբանութեան Արիանի թելը բռնած պահողներ եղած են եւ կան: Առաջին քրիստոնեաներու վարարող հաւատքով, նոյնիսկ երբ բանակ չէին, այսօր ալ բանակ չեն:
Շատ քիչ բան փրկուած է նախաքրիստոնէական շրջանէն, ափսո՜ս, բացի մեր պատմիչներու արձանագրած առասպելներէն, վէպերէն: Վկայութիւններ` ստեղծագործական տեսիլք ունեցող ժողովուրդի մասին:
Վահագնի Ծնունդը` աստեղային առասպել:
Արտաշէսի եւ Սաթենիկի վէպը` գրեթէ արդիական` հրայրքներ արթնցնող, երբ կը խօսի «Ալանաց փափուկ օրիորդի մէջք»ին մասին…
Կը սիրենք բաղդատուիլ, ստորակայութեան զգացումներ զարգացնելու համար եւ արդարացումներ փնտռել, նահանջները վերլուծել: Հտպիտութիւն: Եւ քանի որ մեր կեանքի ընկերն է «Կուկըլ»ը, հարցապնդեցէ՛ք զայն, եւ կը բուժուիք ձեր բարդոյթներէն: Ո՞ւր էին եւ ի՞նչ ունէին մեր հիացման եւ կապկումի առարկաներէն շատեր, երբ մենք Եզնիկ Կողբացի ունէինք եւ Վարդանանքի վիպասան Եղիշէ, որ տիպարներ կը քանդակէ:
Հակամակերեսային գնահատական մը ըրէք, տեսնելու համար թէ այդ իսկական ժառանգութեան տէ՞ր էք:
«Բագին», մեր գիր-գրականութեան 1600 տարիներէն 50ի ընթացքին, անցեալին եւ նորին տիրութիւն ըրաւ, բացուելով ապագային վրայ: Անուններ եւ գործեր` որոնք զանգուածի հաւաքական յիշողութենէն կը ջնջուին, եթէ չեն ջնջուած: Նորերով ալ չեն փոխարինուիր: Նիւթապաշտական եւ սպառողական կիրքը կը նեղցնէ գեղեցիկի, ազնիւի եւ ինքնութեան դաշտը, անինքնութիւնը հայուն նոր Տապանակ Ուխտին է: Ոչ կ՛ըսենք ոչ կը խոստովանինք:
«Բագին»ի հաւաքածոներու գեղակազմ հաստափոր հատորները դիտեցի: Պահարան մը բացի, գոցեցի, ուրիշ մը բացի: Բանալ հատոր մը եւ դարձնել էջերը, կենդանութեան էջերը անոնց որոնք չկան, անոնց որոնք դեռ հաւատացեալի ջերմեռանդութեամբ կը շարունակեն, որպէսզի չխամրին հայոց լեզուն, – Շաւարշ Նարդունիի «ոսկեղնիկ»ը-, ստեղծելու ազնիւ հոգին, որ անխարդախ հայուն մէջ քիչ մը Նարեկացի է, Թէքէեան, Վարուժան, որպէսզի չկտրուի ինքնութեան լար Արիանի թելը, մնայ Փոքրիկ Ածուն ուր մեծութեան գործեր կան (ո՞վ է խօսողը): Հատորներ եւ անուններ, երբեմն լուսանկարներ. Կարօ Սասունի, Եդուարդ Պօյաճեան, Արամ Գառօնէ, Գուտցի Միքայէլեան, Վահէ Օշական, Ժիրայր Աթթարեան, Պօղոս Գուբէլեան, Բաբգէն Փափազեան, երիտասարդներ որոնք այդպէս չեն այլեւս: Բայց նաեւ մրջիւնի եւ պրպտողի շնորհքներով «Բագին»ի սպասարկու եղած են, անոնց անունները յիշել ազնիւ տուրք է. Արտաշէս Տէր Խաչատուրեան, գիրքերու շտեմարան գրախօսողը, լուսարձակներու շտեմարան Աւօ Թումայեանը, մրջիւնի յամառութեամբ էջեր սրբագրող Պետիկ Հերկելեանը: Եւ ուրիշներ, հաւաքական արարում:
Հայ գիրով, խօսքով ու շնորհքով ճառագայթող էջեր, կէս դարու ճամբաներուն վրայ բացուող լուսարձակներ:
Յիսուն տարի: Եւ Արիանի թելի երկու ծայրերը իր ափին մէջ հզօր կամքով ու կիրքով պահած Պօղոս Սնապեան:
Այն թելը` որ Կաղանդ Պապայի հաւատալու սէր եւ հարազատութիւն է: Երազելու ունակութիւն, առանց որուն ժողովուրդները կը դառնան ամբոխ:
Կանգնեցէ՛ք հատորներուն առջեւ, ինչպէս տաճարին մէջ հաւատացեալը կը կանգնի Սուրբ Կոյսի պատկերին առջեւ: Թերեւս կը պատահի ինքնանուաճման հրաշքը:
Յուսահատական պահու մը, երբ Հայաստան եւ հայութիւն կրնային անհետանալ պատմութեան բեմէն, Աւետիս Ահարոնեան ըսած էր. «Դեռ կայ հրաշքը»: Հրաշքը հաւատք եւ կամք է:
Ապագան ի՞նչ կը խոստանայ:
Կը կարդայի ոչ թէ Սփիւռքի, այլ հայրենի գրող Էդուարդ Միլիտինեանի գիրքը, լոյս տեսած 2006ին: Հեղինակը արժանացած է մրցանակներու եւ շքանշաններու: Ներկայանալի եւ խնամուած հատոր մը: Տպաքանակը` 400: 2012 Ապրիլին չէր սպառած: Եթէ համախումբ հայութեամբ, հայախօս եւ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ գնահատուած գրողին գործը 400 տպաքանակով լոյս կը տեսնէ եւ վեց տարի ետք չի սպառիր, «նուէր» տրուածներով, ոչ միայն գրական շրջանակները կացութեան մասին պէտք է մտածեն, այլ նաեւ «ղեկավարութիւնները», շքանշան շնորհողները:
Առանց սեփական ինքնութեան անկախութեան, ի՞նչ բան է քաղաքական անկախութիւնը: Բայց ինչո՞ւ դադրած ենք այս հարցումը ուղղելէ եւ կը բաւարարուինք հրավառութիւններու ակնթարթային լոյսով եւ աղմուկով:
Դիտել կը տրուի, որ ամէն մարդ գրասէր կամ գրող պիտի չըլլայ: Ո՞վ հակառակը կրնայ պնդել: Ներկայացող պատկերը կը մղէ այլ հաստատում մը ընելու, պարզապէս ըսելու` որ գրող եւ գրասէր պիտի չմնան: Եթէ հոն հասնինք, ինչպիսի՞ Հայաստան մը պիտի մնայ եւ ինչպիսի՞ ազգի անդամ պիտի ըլլանք: Արդէն հրաժարումը տեսութեան վերածողներ կը խօսին «համաշխարհային ազգ»ի մասին, կամ «ծագումով հայ»ու մասին: Հանում-գումարում մը ընենք, տեսնելու համար թէ ի՞նչ մնացած է, ի՞նչ պիտի մնայ, աւելի ճիշդ` ի՞նչ պիտի գրենք էջին տակ:
«Բագին»ի յիսնամեակը առիթ պիտի ըլլայ,- կ՛ըլլա՞յ,- մեր լինելութեան սեւեռումին, ազգային լեզուի տիրութեան եւ գրականութեան զարգացման տեսանկիւնէն: Այդ լինելութիւնը առանց հարազատ ինքնութեան բովանդակութեան, ոչ իսկ փող ու թմբուկ է, այլ «տաւուլ-զուռնա», ինչպէս որ ենք:
Վերականգնո՞ւմը:
Ինչպէս որ աւերակներ կը վերականգնուին ծրագրումով եւ ներդրումով, այդպէս պէտք է վերաբերիլ նաեւ հայերէնի եւ գրականութեան միաժամանակ, որպէսզի տեւէ լեզուի որակը եւ գիրն ու գիրքը հասնին իւրաքանչիւրին:
«Բագին» խորհրդաժողով մը հրաւիրած է, առանց պետութիւն ըլլալու, որպէսզի վերականգնումի քայլ մը առնուի: Ինչո՞ւ հայը ինքզինք պիտի չտեսնէ այս նախաձեռնութեան մէջ, գրող, գրասէր, ղեկավարութիւններ, նաեւ բոլոր անոնք որոնք դեռ սոսկ «ծագումով հայ» չեն:
«Բագին»ի 50 տարիները 1600 տարիներու շղթային օղակ:
Ո՞վ պատասխանատուութեամբ եւ հայօրէն յանձնառութեամբ երաշխաւոր պիտի ըլլայ յաջորդ 50 տարիներուն համար:
Հրաշքը պատահած էր 1600 տարի առաջ, երբ թագաւորը (Վռամշապուհ), կրօնապետը (Սահակ Պարթեւ) եւ մտաւորականը (Մեսրոպ) ի մի բերած էին իրենց ուժերը:
Ոգեկան եռապետութիւնը:
Մեր դարու երկրորդ կէսը կ՛ըլլա՞յ կենսական հրաշքին նոր ժամանակաշրջանը:
Կ՛ուզե՞նք այդ հրաշքը իրականացած տեսնել: Աւելի ճիշդ` իրականացնել:
13 Հոկտեմբեր 2012, Պիքֆայա