Աւելի Քան 200 Լիբանանահայեր Հայաստանի Քաղաքացիութիւն Ստացան
Հինգշաբթի, 14 փետրուար 2013-ի կէսօրին, Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան մէջ համախմբուած էին աւելի քան 200 լիբանանահայեր, որոնք դարձան առաջինները, որոնք Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանատունէն կը ստանան Հայաստանի Հանրապետութեան իրենց քաղաքացիութիւնները. տարբեր սերունդներու պատկանող լիբանանահայեր, որոնց շարքին` կիներ, երիտասարդներ, կղերականներ, գործարարներ, արուեստագէտներ, արհեստաւորներ թէ տանտիկիններ, հպարտութեան զգացումով տոգորուած ճիշդ ժամուն ներկայ էին Մթայլէպի մէջ գտնուող Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատուն, վերջապէս ստանալու այնքան երկար սպասուած հայրենիքի պատկանելիութեան իրենց հաստատագիրը` Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիութեան անցագիրը: Հանդիպումը սկսաւ Հայաստանի Հանրապետութեան քայլերգով: Ներկաներուն դիմաւորեցին Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Աշոտ Քոչարեան, Հիւպատոս Կարէն Մաթոսեան եւ առաջին քարտուղար Վարդան Ադամեան: Նախ եւ առաջ դեսպան Քոչարեան արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ ան անդրադարձաւ լիբանանահայերու Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիութիւն ստանալու դիմումին եւ ըսաւ, որ վերջին տարիներուն լիբանանահայերուն մօտ կը նկատուի հայրենիքի նկատմամբ մեծ հետաքրքրութեան եւ վստահութեան աճ, որ կ՛արտայայտուի նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիութիւն ստանալու համար դիմումներու կտրուկ աճով:
Ան ընդգծեց, որ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիութիւնը կը շնորհուի Հայաստանի նախագահին հրամանագիրով եւ Հայաստանի քաղաքացի դառնալը իւրաքանչիւրին համար մեծ պատիւ ու հպարտութիւն է, իրաւունքներու ընձեռում եւ պատասխանատուութիւն:
Դեսպան Քոչարեան բարձր գնահատեց Լիբանանի կենսունակ եւ ստեղծագործ հայ համայնքին դերը սփիւռքի քաղաքական, հոգեւոր եւ մշակութային կեանքին մէջ: Ան համոզում յայտնեց, որ Հայաստանի Հանրապետութեան անձնագիր ստանալը նոր կարելիութիւն կ՛ընձեռէ լիբանանահայերուն համար յաճախակի այցելելու Հայաստան, մասնակցելու համահայկական նշանակութիւն ունեցող նախաձեռնութիւններուն, նաեւ` գիտելիքներով, փորձով եւ ներդրումներով հայրենիքի զարգացման:
Դեսպան Քոչարեան նաեւ դրուատիքով խօսեցաւ լիբանանահայ համայնքին եւ անոր կառոյցներուն մասին: Ապա հիւպատոս Կարէն Մաթոսեան խօսք առնելով բացատրեց անցագիրներ ստանալու արարողակարգը եւ տեղի ունեցաւ հաւաքական երդման արարողութիւն:
Ներկաները կրկնելով հիւպատոսին արտասանած տողերը երդուեցին հաւատարիմ ըլլալ Հայաստանի Հանրապետութեան, պահպանել անոր սահմանադրութիւնն ու oրէնքները, պաշտպանել Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութիւնը եւ տարածքային ամբողջականութիւնը, ինչպէս նաեւ յարգել Հայաստանի Հանրապետութեան պետական լեզուն, ազգային մշակոյթը եւ սովորութիւնները: Երդման արարողութենէն ետք հիւպատոսը մէկ առ մէկ ընթերցեց քաղաքացիութիւն ստացողներու անունները, որոնք ստորագրելէ ետք համապատասխան փաստաթուղթերուն վրայ, դեսպանատունէն հեռացան երկքաղաքացի` լիբանանեան քաղաքացի ըլլալու կողքին դառնալով նաեւ Հայաստանի հպարտ քաղաքացիներ: