ՀՅԴ ԼԵՄ. Լիբանանահայ Վարժարաններու Պրէօվէի Քննութիւններուն Գերազանց Արդիւնք Արձանագրած Աշակերտներու Պարգեւատրում
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան, երէկ` ուրբաթ, 15 փետրուար 2013-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Էշրեֆիէ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ «Տիրան Պապիկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ լիբանանահայ վարժարաններու 2012-ի պրէօվէի քննութիւններուն գերազանց արդիւնք արձանագրած աշակերտներու պարգեւատրման հանդիսութիւնը` ներկայութեամբ վարժարաններու տնօրէններու, կրթական պատասխանատուներու, ուսուցիչներու, ծնողներու եւ աշակերտներու:
Հանդիսութեան բացման խօսքը արտասանեց Սօսէ Գարապաճաքեան, որ ըսաւ, թէ հայ դպրոցը եւ ուսուցիչը գաղութի սերունդներու դաստիարակութեան ամէնէն կարեւոր եւ առաջնահերթ ազդակներն են: Գարապաճաքեան նշեց, որ ԼԵՄ-ը իր նիւթական եւ բարոյական համեստ օժանդակութեամբ զօրավիգ կը կանգնի յաջողած աշակերտներուն եւ կ՛ակնկալէ, որ անոնց յաջողութիւնը մղիչ ուժ հանդիսանայ աշակերտներուն:
Ապա օրուան պատգամը ուղղեց Ազգային Նուպարեան-Խրիմեան վարժարանի տնօրէն Վաչէ Հարմանտայեան: Ան ըսաւ, որ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի մրցանակաբաշխութեան նախաձեռնութիւնը իւրայատուկ աշխատանք մըն է, որ գեղեցիկ աւանդութեան մը վերածուած է: Հարմանտայեան նշեց, որ պետական քննութիւններուն լիբանանահայ վարժարաններու որակաւոր արդիւնքները ցուցանիշ են հայ դպրոցի վերելքին եւ բարձրորակ մակարդակին: Վաչէ Հարմանտայեան կոչ ուղղեց աշակերտութեան մաս կազմելու Հայ դատի աշխատանքներուն եւ շարունակելու հայապահպանման ու հայութեան իրաւունքներու վերատիրացման երթը:
Գեղարուեստական յայտագիրին իրենց մասնակցութիւնը միասնաբար բերին Վարանդա Եագուպեան (մեներգ), Ասօ Մախուլեան (տուտուկ), Երուանդ Էճիտեան (կիթառ) եւ Վաչէ Քենտիրճեան (տհոլ):
Հանդիսութեան աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը: «Շատ լաւ» յիշատակութեան արժանացած աշակերտներէն առաջին հանդիսացան Յառաջ-Գ. Կիւլպենկեան վարժարանէն Գարին Գէորգեան եւ ՀԲԸՄ-ի Դարուհի-Յովակիմեան վարժարանէն Գարին Սիմոնեան: Երկրորդ դիրքը գրաւեցին Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանէն Քարլա Օհաննէսեան եւ Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարանէն Սալբի Կանիմեան: Իսկ երրորդ հանդիսացաւ Հայ աւետարանական քոլեճէն Շուշան Քէշիշեան: Իսկ «Լաւ» յիշատակութեամբ աշակերտները ստացան նուէրներ եւ հաստատագիրներ: