Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը երէկ խզեց Լիբանանի օդային տարածքը եւ կեղծ յարձակումներ գործեց հարաւային Լիբանանի եւ յատկապէս Նաքուրայի, Ռայեաքի, Պաալպեքի, Ռաշայայի եւ Հասպայայի վերեւ:
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ` ընկերակցութեամբ երեսփոխան Նաամէ Թոհմէի, երէկ մեկնեցաւ Սէուտական Արաբիա, ուր հանդիպումներ պիտի ունենայ սէուտցի պաշտօնատարներու հետ:
ԺԻՊԷՅԼԻ Օպէյտաթ շրջանին մէջ անծանօթներ քանդած են Աստուածամօր եւ Հայր Յովսէփի նուիրուած արձաններ, ինչպէս նաեւ խաչեր:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի փոխնախագահ Անթուան Անտրաուոս յայտնեց, որ իրենք կը նախընտրէին, որ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը Դամասկոս չերթար:
ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Ռիատ» օրաթերթին համաձայն, մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը Վատիկանի հաւանութիւնը ստացած էր` Դամասկոս կատարած իր այցելութեան առումով:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրի շեշտեց, որ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին դէմ գծուած ծաղրանկարը անձնական արարք մըն է, որ երբեք պաշտօնական կեցուածք պէտք չէ նկատել: Ան հաստատեց, որ Ռայի պատրիարքին նկատմամբ Ռիատ խոր յարգանք կը տածէ:
ՄԱՐՄՆԱԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Ֆայսալ Քարամէ զգուշացուց Թրիփոլիի մէջ տիրող ընդհանուր մթնոլորտէն` աւելցնելով, որ պէտք է Թրիփոլիի մէջ գոյութիւն ունեցող զէնքերը հակակշիռի տակ առնել:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Փաթրիս Փաուլին, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ Փարիզի մէջ Ժեմայէլի եւ նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի հանդիպումին արդիւնքները: Փաուլի շեշտեց երեսփոխանական ընտրութիւնները սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին կայացնելու անհրաժեշտութիւնը:
ԱՌԵՒՏՈՒՐԻ եւ տնտեսութեան նախարար Նիքոլա Նահհաս յայտնեց, որ կառավարութիւնը պիտի չարտօնէ, որ մէկ կապ արաբական հացին սակը բարձրանայ: Միւս կողմէ, Նահհաս ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները:
ՍԱՅՏԱՅԻ Պիլալ պըն Ռապահ մզկիթի իմամ շէյխ Ահմետ Ասիր եւ անոր համակիրները փակեցին Սայտայի ծովային ճամբան, ապա կէս ժամ ետք ներքին ապահովութեան ուժերն ու բանակը վերաբացին զայն:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ քրիստոնեայ փոքրամասնութիւնները գումարեցին նիստ մը, որուն ընթացքին շեշտուեցաւ փոքրամասնութիւններուն իրաւունքները պաշտպանելու անհրաժեշտութիւնը:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հիւսէյն Մուսաուի կոչ ուղղեց Սուրիոյ բնակչութեան արագ վերջ մը դնելու իրենց միջեւ ընթացք առած բախումներուն:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի փոխնախագահ Իպրապիմ Քանաան յայտնեց, որ Լիբանան ժամանած սուրիացի գաղթականներուն թիւը հասած է 900 հազարի` նշելով, որ Լիբանանի կարողութիւններէն վեր է նման մարտահրաւէր մը դիմագրաւելը: Ան աւելցուց, որ իրենք ցեղապաշտութեամբ ամբաստանուած են, երբ պահանջած են Լիբանան-Սուրիա սահմանները հակակշիռի տակ առնելը:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Սամիր Ժսըր յայտնեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքը պատրաստ է զիջումներ կատարելու` յանգելու համար ընտրական օրինագիծի մը:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սաատ Հարիրիի խորհրդական Մոհամետ Շաթահ յայտնեց, որ Հարիրիի կարծիքով, Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը վտանգի ենթակայ է:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ֆարիտ Խազեն յայտնեց, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի կատարած յայտարարութիւններուն մէջ ոչ մէկ նորութիւն կար` աւելցնելով, որ անհրաժեշտ է երեսփոխանական ընտրութիւնները կատարել ճշդուած թուականին:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Խտըր Հապիպ յայտնեց, որ Լիբանանը յուզող հիմնական հարցը Հըզպալլայի զէնքին հարցն է:
«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, երեսփոխանական ընտրութիւնները յետաձգելու կարելիութիւնը կարիքը ունի երկրին քաղաքական բոլոր ուժերուն համախոհութեան:
ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ պաշտօնական աղբիւրներ «Սաֆիր» օրաթերթին յայտնեցին, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի Լիբանան վերադառնալէ առաջ պէտք է վերադառնայ իր ճառերուն չափաւորականութեան:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, ՄԱԿ մտահոգ է Լիբանանի կացութեամբ, եթէ յանկարծ որոշուի երեսփոխանական ընտրութիւնները յետաձգել:

