«Սուրիա Ներկայիս Ժիհատականներու Ուղեւորութեան Առաջին Վայրին Վերածուած Է» Կ՛ըսէ Հէյկ

Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուիլիըմ Հէյկ յայտնեց, որ Սուրիա ներկայիս «ժիհատականներու ուղեւորութեան վայրի վերածուած է»` զգուշացնելով, որ այդ երկրին տագնապը որքան երկարի, այդքան Արեւմուտքին համար «անոնց վտանգը» կը մեծնայ:

Հէյկ Լոնտոնի մէջ «Արտասահմանի մէջ ահաբեկչութեան դէմ պայքար»-ին շուրջ իր արտասանած խօսքին մէջ ըսաւ, որ «Սուրիա այսօր ամբողջ աշխարհի ժիհատականներուն համար ուղեւորութեան առաջին վայրին վերածուած է: Անոնց շարքին են Բրիտանիոյ եւ եւրոպական այլ երկիրներու առնչուած անհատներ»:

Ան աւելցուց, որ այդ «ժիհատականները կրնան մեզի որեւէ վտանգ չներկայացնել, երբ Սուրիա կ՛երթան, սակայն եթէ ողջ մնան, կրնան աւելի կարծր գաղափարախօսութեամբ եւ զէնքերու ու պայթուցիկներու փորձառութեամբ օժտուած վերադառնալ»:

Բրիտանիոյ դիւանագիտութեան պետը զգուշացուց, որ «տագնապը որքան երկարի, այդքան վտանգը կը մեծնայ» եւ Մոսկուայի կոչ ուղղեց Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատին իր աջակցութիւնը դադրեցնելու: Ան նաեւ նշեց, որ տագնապը որքան երկարի, այդքան անմեղ կեանքերու կորուստ տեղի կ՛ունենայ «եւ այդքան քիմիական եւ կենսաբանական զէնքերու օգտագործման վտանգը կ՛աճի»:

Եւրոպական Միութեան ահաբեկչութեան դէմ պայքարի հարցով յանձնակատար Ճիլ Քիրքով յայտնեց, որ «հետզհետէ իսլամութեան հետեւորդ յաւելեալ եւրոպացի երիտասարդներ Սուրիա կ՛ուղղուին` կռուելու համար շարք մը ընդդիմադիր խմբաւորումներու կողքին, մասնաւորաբար Ժապհաթ Նուսրայի»` աւելցնելով, որ շարք մը եւրոպական պետութիւններ եւրոպացի իսլամ երիտասարդներուն մօտ այդպիսի ձգտումի աճ նկատած են:

Ան նշեց, որ այդ երեւոյթը «մեզի համար մտահոգութեան մեծ աղբիւր է, որովհետեւ անոնցմէ ոմանք այդտեղ կը մեռնին, իսկ մնացեալը կը վերադառնան մարզումի եւ գաղափարախօսական աւելի բարձր մակարդակով»:

Ան ըսաւ, որ «այդտեղ տագնապը որքան երկարի, այդքան ծայրայեղական ընդդիմութեան վտանգը կը մեծնայ»:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Ալեքսէյ Միշքով յայտարարեց, որ իր երկիրը կասկած չունի ՕԹԱՆ-ի այն պնդումներուն շուրջ, թէ Թուրքիոյ մէջ «Փաթրիոթ» հակահրթիռային համակարգերու տեղակայումը Սուրիոյ մէջ զինուորական միջամտութեան մը պատրաստութիւն չէ եւ զանոնք կարելի չէ Սուրիոյ վերեւ թռիչքներու արգիլեալ գօտիի հաստատման համար օգտագործել:

«Այդ պնդումները կասկածի տակ առնելու պատճառներ չունինք», ըսաւ ան` շեշտելով, որ «շրջանին մէջ զինումի աճը ապահովութիւնը չի բարձրացներ»:

Աւելի ուշ, Թուրքիա իր կեցուածքէն ետդարձ կատարելով իր արտաքին գործոց նախարարին ճամբով յայտարարեց, որ Սուրիոյ մէջ անմիջապէս պէտք է երկխօսութիւն կատարել:

Քի Մուն. «Սուրիոյ Մէջ Տակաւին Տագնապի
Լուծման
Քաղաքական Հեռանկար Չկայ»

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրիի հետ հանդիպումի մը ընթացքին յայտնեց , որ Սուրիոյ մէջ տագնապը կը շարունակուի` առանց քաղաքական լուծման հեռանկարներու:

ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ վերջին գնահատականներով Սուրիոյ մէջ իրավիճակը ողբերգական է: Քի Մուն յիշեցուցած է, որ մինչեւ հիմա զինուորական գործողութիւններու պատճառով շուրջ 70 հազար զոհ արձանագրուած է:

«ՄԱԿ-ը կ՛աջակցի Սուրիոյ ընդդիմադիր եւ յեղափոխական ուժերու համաձայնական մարմինի ղեկավար Ահմետ Մաազ Խաթիպի առաջարկին` սուրիական իշխանութիւններուն հետ բանակցութիւններու սկսելու վերաբերեալ: Այդ առիթը կարելի չէ փախցնել», ըսած ան:

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը նաեւ ողջունած է Քերրիի Միջին Արեւելք այցելելու մտադրութիւնը: Քերրին իր կարգին նշած է, որ մտադիր է մօտիկ ապագային ստիպել Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատին զինեալ տագնապի դադրեցման ուղղութեամբ քայլերու ձեռնարկելու:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Վիքթորիա Նուլընտ հաստատած է, որ Քերրին եւ Քի Մունը անհանգստութիւն յայտնած են Ասատի վարչակարգին Ռուսիոյ աջակցութեան առնչութեամբ:

Նուլընտ նաեւ նշած է, որ ամերիկեան կառավարութիւնը կ՛ողջունէ եւ կ՛աջակցի Խաթիպի առաջարկին, իսկ Քերրի պիտի ուզէր, որ Ռուսիա եւս աջակցի սուրիական ընդդիմադիր Ազգային համաձայնական մարմինի անդամներուն:

Նուլընտ երէկ նշեց, որ Միացեալ Նահանգներ Սուրիոյ հարցի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ արծարծումը ներկայիս անյարմար է:

Սուրիական Խաղաղութեան
Համաձայնութի՞
ւն

Սուրիական «Ժողովրդավարական բեմ»-ի անդամ Սամիր Աթիէ յայտնեց, որ «սուրիական խաղաղութեան համաձայնութիւնը իր ընդհանուր սկզբունքներուն առումով դրական է, մասնաւորաբար Սուրիան ազատ, անկախ եւ գերիշխան հայրենիք նկատելը»:

Ան ըսաւ, որ «Սուրիոյ մէջ յետասատեան փոխանցման հանգրուան առաջնորդող ծերակոյտ յառաջացնելու առաջարկը ընդունելի է» եւ Սուրիոյ տագնապի խաղաղ լուծման ջանքերուն ծիրին մէջ էր, որոնց վերջինը Խաթիպի նախաձեռնութիւնն էր:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )