Ռուսիոյ Չելիապինսք Մարզին Մէջ Երկնաքարային Անձրեւի Պատճառով Հազար Վիրաւորներ Կ՛արձանարուին

«ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով Ռուսիոյ արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան Ուրալի շրջանային կեդրոնի ներկայացուցիչին խօսքերը, կը հաղորդէ, որ ըստ նախնական տուեալներու, Ռուսիոյ Չելիապինսքի մարզի տարածքին մէջ երկնաքարային անձրեւ տեղացած է, աւերածութիւններ չկան:

«Կ՛ենթադրուի, որ երկնաքարային անձրեւ տեղացած է: Տեղեկութիւն կայ մօտ 10 հազար մեթր բարձրութեան վրայ պայթումի մասին: Տեղեկութիւնը կը ճշդուի», ըսած է գործակալութեան զրուցակիցը:

Ան աւելցուցած է, որ շարք մը բնակավայրերու մէջ ապակիներ կոտրուած են:

ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ երկնաքարի բեկորներու պատճառով կոտրուած ապակիներէն թիւ 130 միջնակարգ դպրոցի չորս աշակերտ վիրաւորուած է: Անոնց ցուցաբերուած է անհրաժեշտ օգնութիւն:

«Վզկլիատ»-ը` վկայակոչելով Ռուսիոյ ներքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը, հաղորդեց, որ երկնաքարի բեկորներէն վիրաւորուած են աւելի քան հարիւր մարդիկ, որոնք հիմնականին մէջ վիրաւորուած են կոտրուած ապակիներէն: Սակայն, ըստ մամլոյ ծառայութեան, ոչ ոք լուրջ վէրքեր ստացած է: Յետագային հաղորդուեցաւ, որ երկնաքարը Երկրի ծիր մտնելէ ետք պայթած է եւ այդ պայթումին պատճառով շէնքերու ապակիները փշրուած են` պատճառելով վիրաւորներ:

Ըստ Ռուսիոյ Ազատական-ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար Վլատիմիր Ժիրինովսքիի, տեղի ունեցածը երկնաքարային անձրեւ չէր, այլ` «ամերիկացիներուն կողմէ նոր զէնքի մը փորձարկում»: Սակայն Ռուսիոյ ներքին գործոց նախարարութեան բանբերը հաստատեց, որ ատիկա երկնաքար մըն էր, իսկ վիրաւորներու թիւը աւելի քան հազար է:

Share this Article
CATEGORIES