Նախագահ Սլէյման Կոչ Ուղղեց Հեռանալու Հակասահմանադրական Օրինագիծերէն
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման մաղթեց, որ ընտրական օրինագիծի խորհրդարանական ենթայանձնախումբը ճշգրիտ ներկայացուցչութիւն ապահովող ընտրական օրէնք մը մշակէ լիբանանցիներուն համար:
Նախագահ Սլէյման կոչ ուղղեց հեռանալու հակասահմանադրական օրինագիծերէն:
Նախագահ Սլէյման ընդունեց երեսփոխաններ Ահմետ Ֆաթֆաթը, Քասեմ Ապտել Ազիզը եւ Քազեմ Խէյրը, որոնց հետ քննարկեց խորհրդարանական ենթայանձնախումբին աշխատանքները:
Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց Արսալի մէջ նահատակուած հազարապետ Փիեռ Պաշաալանիի ընտանիքը, որ շնորհակալութիւն յայտնեց հանրապետութեան նախագահին իրենց ցաւակցելու առիթով:
Նախագահ Սլէյման հաստատեց, որ բանակին դէմ յարձակումներ եւ ոճիրներ գործող բոլոր յանցագործները պիտի ձերբակալուին եւ փոխանցուին դատական իշխանութիւններուն:
CATEGORIES Լիբանանեան


