Ղանեմ. «Ատուան Ներկայացուցած Է Ընտրական Օրինագիծ Մը, Որ Կը Սրբագրէ Քրիստոնեայ Ներկայացուցչութիւն Եւ Կ՛երաշխաւորէ Հաւասարակշռութիւնը»
Ընտրական օրէնքը քննարկող խորհրդարանական ենթայանձնախումբը երէկ գումարեց նիստ մը, որուն ընթացքին շարունակեց քննարկել ընտրական օրինագիծերուն տարբերակները` նախագահութեամբ երեսփոխան Ռոպեր Ղանեմի:
Նիստէն ետք իր կատարած յայտարարութիւններուն մէջ Ղանեմ յայտնեց, որ ենթայանձնախումբը քննարկած է Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Ժորժ Ատուանի մշակած ընտրական օրինագիծը, որուն քննարկումը պիտի շարունակուի ենթայանձնախումբին այսօրուան նիստին` վերջնական տեղեկագիրի մը յանգելու նպատակով:
«Վաղուան (այսօրուան) մեր նիստին ընթացքին պիտի շարունակենք քննարկումները` բոլոր օրինագիծերուն, սկսեալ` երեսփոխան Ալի Պեզզիի մշակած օրինագիծէն, հասնելով մինչեւ Ատուանի մշակած ընտրական օրինագիծը, որպէսզի կարելի ըլլայ յստակ կեցուածք մը ճշդել եւ վերջնական տեղեկագիրը ներկայացնել խորհրդարանի միացեալ յանձնախումբերուն», ըսաւ ան:
Իր կարգին, Ատուան յայտնեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի ներկայացուցած է համախոհական օրինագիծ մը, որուն հիման վրայ փորձած է ընտրական օրէնքին շուրջ լարուածութիւնը փարատել: «Իմ կարծիքովս, Պըրրիի ներկայացուցած այս առաջարկը միացեալ ենթահող մը ստեղծեց բոլորիս համար` համախոհութիւն մը գոյացնելու առումով ի գործ դրած մեր ջանքերուն մէջ», ըսաւ Ատուան: