Վարդանեան Հանդիպում Ունեցաւ Իրանի Դեսպանատան Ներկայացուցիչներուն Հետ
Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպանատան նախաձեռնութեամբ` դեսպանատան երկու ներկայացուցիչներ երէկ հանդիպում ունեցան Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի փոխներկայացուցիչ Աղուան Վարդանեանի հետ:
Քննարկուեցան երկկողմանի բարեկամական յարաբերութիւններու ներկայ վիճակը եւ զարգացման հարցերը:
Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Իրանի կողմէ Սիւնիքի արօտավայրերու հաւանական վարձակալութեան խնդիրին:
CATEGORIES Հայկական