Խմբագրական. ԵԱՀԿ-ը, Մոնթեվիտէոն Եւ Ստեփանակերտի Օդակայանը` Հակառակ Բանաձեւերուն
Եգիպտոսի մէջ 6-7 փետրուարին կայացած իսլամական վեհաժողովը անշուշտ մեծ մասամբ պիտի զբաղէր սուրիական թղթածրարով: Անգարան եւ Պաքուն դասականացած առաքելութեան տէր կանգնելու հերթական առիթը բաց պիտի չթողէին: Հակահայ բանաձեւը, որ կ՛առաջադրուի Պաքուի ներկայացուցիչին եւ կը հովանաւորուի Անգարային կողմէ, կրօնական հանգամանքի շեշտակի օգտագործումով կը համաիսլամանայ նման վեհաժողովներու ընթացքին. Եգիպտոսի պարագային եւս տարաբնոյթ ուղղութիւն պիտի չունենար:
Այստեղ անշուշտ հիմնական թիրախը քարոզչական բնոյթ ունի` նկատի ունենալով նման բանաձեւերու անարդիւնաւէտութիւնը իրաւաքաղաքական գետնի վրայ. այսուհանդերձ թուրքեւազրպէյճանական մարտավարութիւնը կարեւոր նպատակ կը հետապնդէ: Իսլամական այս երկիրները ի վերջոյ ՄԱԿ-ի անդամ պետութիւններ են. Արցախի խնդիրին նկատմամբ ՄԱԿ-ի մէջ տեղի ունենալիք քուէարկութիւններու ենթահող պատրաստելու կը միտին եւ անոնց դիրքորոշումները կը կանխապատրաստեն: Իսլամական երկիրները իրենց վեհաժողովներուն եւ ՄԱԿ-ի համագումարներուն միջեւ Արցախի հարցին նկատմամբ դիրքորոշում պահելու հետեւողականութեան յանձնառութիւնը կը վերահաստատեն ամէն առիթի:
Այս մարտավարութեան զուգահեռ ուղղութիւնը` Պաքուի կողմէ արցախեան տագնապի բանակցային ձեւաչափը ԵԱՀԿ-էն ՄԱԿ տեղափոխելն է: Ըստ Ազրպէյճանի, ՄԱԿ-ը թիւ 822, 853, 874 եւ 884 բանաձեւերով հաստատած է Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը: Պաքուն կը ջանայ այդ բանաձեւերու իրաւաքաղաքական տրամաբանութեան պարունակին մէջ լուծել հարցը: Իսլամական վեհաժողովներու բանաձեւերը փոխադրել ՄԱԿ, որուն զուգահեռ բանակցային ձեւաչափը տեղափոխել ԵԱՀԿ-էն ՄԱԿ:
Եգիպտոսի վեհաժողովին որդեգրած բանաձեւը նոյն յանկերգները կը բովանդակէ` տարածքային ամբողջականութիւն, ՄԱԿ-ի որդեգրած բանաձեւերու գործադրութեան պահանջ, մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման եւ ժողովրդագրական բռնի ձեւափոխման դէմ բողոք, ինչպէս նաեւ տնտեսական ապօրինի գործունէութեան ընդգծում: Այս բանաձեւին մէջ յատուկ կէտ մը կրնայ դիտարկուիլ իբրեւ հակազդեցութիւն Արցախի ապահոված յստակ առաւելին: Բանաձեւը կոչ կ՛ուղղէ պետութիւններուն իրենց պաշտօնական ներկայացուցիչներով չներգրաւուելու ապօրինի գործունէութեան:
Այս կէտին ետեւ կանգնած թուրքեւազրպէյճանական մտահոգութիւնը աւելի մասնակիօրէն մեկնաբանելու համար օգտակար է նկատի ունենալ Ազրպէյճանի մէջ Թուրքիոյ նախկին դեսպան, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ ափրիկեան երկիրներու հետ յարաբերութեանց բաժանմունքի ղեկավար Հուլուսի Քըլըճի հետեւեալ յայտարարութիւնը. «ՄԱԿ-ի կողմէ որդեգրուած չորս բանաձեւերուն մէջ ազրպէյճանական հողամասերու բռնագրաւումը բացայայտ եւ յստակ կերպով նշուած է: Հետեւաբար, բռնագրաւուած հողամասերուն վերեւ գտնուող օդային տարածքը եւս Ազրպէյճանի կը պատկանի: Բռնագրաւուած հողերուն վերեւ թռիչքները ներկայ կացութեան մէջ լարուածութիւն կը ստեղծեն եւ տագնապի խաղաղ լուծումը կը հարուածեն: Այդ տարածքները Ազրպէյճանի պատմական հողեր են (®): Այդ հողերուն վերեւ բոլոր թռիչքները ապօրինի են: Կը մաղթենք, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը աւելի արմատական միջոցառումներ որդեգրէ կանխարգիլելու համար թռիչքները, որոնք յաւելեալ լարուածութեան կրնան առաջնորդել: Կը յուսանք, որ Հայաստան Ազրպէյճանի բռնագրաւեալ հողամասերուն վերեւ թռիչքներ չկատարէ: Հայաստան պէտք է բռնագրաւուած հողերէն անմիջապէս հեռանայ»:
Այժմէական երկու խնդիր նկատի ունի թուրք դիւանագէտը այս յայտարարութեան մէջ: Առաջինը կրնայ Մոնթեվիտէոյի նախաճանաչման քայլը եղած ըլլալ, իսկ երկրորդը, որ ուղղակիօրէն կ՛ըսուի` Ստեփանակերտի օդակայանի գործարկման տեսանելիութիւնը: Այն կոչը` պետութիւններուն չներգրաւուելու «ապօրինի» գործունէութիւններու մէջ նման երեւոյթներու կ՛ակնարկէ առաջինի պարագային անուղղակի, իսկ երկրորդի պարագային` ուղղակի:
Բանաձեւերու յաջողութեան դիմաց գետնի վրայ քաղաքական ձախողութիւններ կը կրէ Պաքուն: Թէ՛ Մոնթեվիտէոն եւ թէ՛ Ստեփանակերտի օդակայանը այդ բանաձեւերուն անարդիւնաւէտութիւնը ընդգծող փաստեր են, որոնց վրայ լուսարձակներու կեդրոնացումը անհրաժեշտ նկատելը չ՛ենթադրեր բնականաբար իսլամական վեհաժողովներու թէ ՄԱԿ-ի մէջ թուրքեւազրպէյճանական գործօնի արձանագրած առաւելներուն թերագնահատումը: Իսկ այստեղ, հայկական կողմի ճիգերու գերլարում պէտք է` սփիւռքի մէջ հասարակական կազմակերպութիւններու եւ պետական դիւանագիտական մեքենաներու համակարգուած աշխատանքները գործնականացնելու ուղղութեամբ:
Նախադրեալներ կան մտածելու, որ իրօք, Մոնթեվիտէոն կ՛առաջնորդուի դէպի Արցախի Հանրապետութեան ճանաչում, իսկ Ստեփանակերտի օդակայան առաջին ժամանողները կ՛ըլլան ԵԱՀԿ-ի բանագնացները: Այս վերջին իրողութիւնը կրնայ համոզիչ դարձնել, որ բանակցային գործընթացի ձեւաչափը պիտի շարունակէ մնալ ԵԱՀԿ-ը:Հակառակ` Անգարայի եւ Պաքուի ճիգերուն եւ ապահոված բանաձեւերուն:

