50 Տարի Առաջ (18 Փետրուար 1963)

Վեհափառին Առողջական Վիճակը
Դէպի Բարելաւում Կ՛երթայ

Ն. Ս. Օծութեան Անհանգստութեան Լուրը
Խոր Ցնցում Առաջ Բերաւ Ժողովուրդին Մէջ

Ն. Վ. Նախագահ Շեհապ Իր Ներկայացուցիչին Միջոցով
Հետաքրքրուեցաւ Վեհափառին Առողջութեամբ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ վեհափառ կաթողիկոս` Զարեհ Ա.ի յանկարծական անհանգստութեան եւ հիւանդանոց փոխադրութեան լուրը ցնցեց Պէյրութի հայութիւնը, որ ժամը ժամին կը հետեւի Ն. Ս. Օծութեան առողջական վիճակի ընթացքին: Շաբաթ առտուընէ ի վեր, Ամերիկեան հիւանդանոց փութացողներու եւ վեհափառին առողջական վիճակին մասին տեղեկութիւններ ուզողներուն շարանը վերջ չունի: Հիւանդանոցին առաջին յարկին մէջ սպասման յատուկ սրահ մը տրամադրուած է այցելուներուն համար, ուր Լիբանանի հայոց առաջնորդ Խորէն արք. Բարոյեան, դպրեվանքի տեսուչ Գարեգին վրդ. Սարգիսեան եւ միաբանութեան այլ անդամներ անհրաժեշտ տեղեկութիւնները կու տան հետաքրքիրներու բազմութեան:

Ներկայիս վեհափառին առողջական վիճակը դէպի բարելաւում երթալու որոշ նշաններ ցոյց կու տայ, ինչպէս կը վկայէ բժշկական այն վիճակացոյցը, որ հրատարակուեցաւ երէկ կէսօրին, կաթողիկոսարանի դիւանին կողմէ,  ստորագրութեամբ Ն. Ս. Օծութիւնը խնամող բժիշկ տոքթ. Ժորժ Ռըպէյզի:

Արդարեւ, առողջական այդ վիճակացոյցը կ՛ըսէ.

Ն. Ս. Օ. Տ. Տ. Զարեհ Ա. կաթողիկոս շաբաթ, 15 փետրուար 1963-ին ունեցաւ սրտի տագնապ մը եւ փութով փոխադրուեցաւ Ամերիկեան հիւանդանոց, ուր ստացաւ առաջին խնամքները:

«Թէեւ իր վիճակը բարելաւուեցաւ վերջին 24 ժամերու ընթացքին, սակայն կը մնայ բժշկական խիստ հսկողութեան տակ ու կ՛ընդունի անհրաժեշտ խնամքները»:

Կիրակի առտու ժամը 11:00-ին հանրապետութեան նախագահութեան ընդհանուր տնօրէն Ժորժ Հայմարի, յանուն նախագահ Ֆուատ Շեհապի, այցելեց հիւանդանոց եւ տեսակցեցաւ Գարեգին վրդ. Սարգիսեանի ու տոքթ. Ժորժ Ռըպէյզի հետ: Հայմարի նախագահին կողմէ հետաքրքրուեցաւ Ն. Ս.  Օծութեան առողջական վիճակով եւ անհրաժեշտ տեղեկութիւնները ստացաւ յարգելի բժիշկէն:

Հիւանդանոց այցելեցին նաեւ հայ կաթողիկէ պատրիարք-կաթողիկոս Պաթանեան, մարոնի պատրիարքի ներկայացուցիչ Սֆէյր, յոյն կաթողիկէ համայնքի կրօնապետին ներկայացուցիչը, ինչպէս նաեւ այլ համայնքներու հոգեւոր պետերն ու ներկայացուցիչները:

Նախապէս արդէն եկած էին Մեթնի երեսփոխան զօր. Ժեմիլ Լահուտ, իսկ պետական չորս հայ երեսփոխանները, Ազգային իշխանութեանց զանազան մարմիններու անդամները եւ ծանօթ ազգայիններ, երկու օրէ ի վեր, քանի մը անգամ այցելեցին հիւանդանոց, ուր մօտէն հետաքրքրուեցան վեհափառին առողջական վիճակով:

Երկու անգամ այցելեց նաեւ Երուսաղէմի միաբանութենէն` Սուրէն արք. Քեմհաճեան, որ երէկ մասնակցեցաւ Ս. Նշան եկեղեցիին մէջ մատուցուած պատարագին:

Ինչպէս Պատահեցաւ Տագնապը

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան մօտիկ շրջանակներէն հետեւեալ տեղեկութիւնները կրցանք քաղել վեհափառի սրտի տագնապին եւ անմիջական կարգադրութիւններուն մասին:

Ուրբաթ, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, երբ վեհափառը կ՛աշխատէր իր գրասենեակին մէջ, փոքր անհանգստութիւն մը կ՛ունենայ եւ կը կանչէ հայր Գարեգինը, որուն կը յայտնէ, թէ կուրծքին մէջ նեղութիւն կը զգայ: Հայր սուրբը հեռաձայնով կը կանչէ  վեհափառին անձնական բժիշկ տոքթ. Վարդգէս Կիւրեղեանը: Վերջինը, ցաւի ամոքման եւ դարմանման անմիջական միջոցները ձեռք առնելէ ետք, յարմար կը տեսնէ, որ հրաւիրուի սրտի յայտնի մասնագէտ տոքթ. Էտուար Սթեֆանը, որ կը քննէ վեհափառ հիւանդը, կ՛առնէ սրտին ռատիոկրամը, ու որեւէ լուրջ պարագայ չգտնելով` տասը օր հանգիստ կը թելադրէ: Մինչ այդ լուր տրուած էր նաեւ առաջնորդ սրբազանին, որ նոյնպէս կը հասնի Անթիլիաս եւ ներկայ կ՛ըլլայ դարմանման առաջին աշխատանքներուն:

Անմիջապէս վեհափառին բոլոր ժամադրութիւնները կը ջնջուին եւ անհրաժեշտ կարգադրութիւնները կ՛ըլլան` կատարեալ հանգիստ ապահովելու համար, անհրաժեշտ դեղերը տալով: Երեկոյեան, վեհափառը շատ զուարթ տրամադրութեամբ, թեթեւ ընթրիք մը կ՛առնէ առաջնորդ սրբազանին հետ եւ ժամը 9:00-ին կը քաշուի իր ննջասենեակը:

Ժամը 11:00-ին վեհափառը թեթեւ ցաւ մը կը զգայ, բայց նկատելով, որ շուտով կ՛անցնի, չ՛ուզեր անհանգստացնել միաբանութեան անդամները: Ժամը 12:30-ին տեղի կ՛ունենայ բուն տագնապը: Վեհափառը կարողութիւնը կ՛ունենայ հեռաձայնելու Գարեգին վարդապետին, որ շուտով կը հասնի եւ անմիջապէս Պէյրութէն կը կանչէ տոքթ. Յակոբ Եագուպեանը: Յարգելի բժիշկը իսկոյն Անթիլիաս կը հասնի, իրեն հետ բերելով սրտի ծանօթ մասնագէտ տոքթ. Սուիտանը: Անոնցմէ առաջ հասած էր նաեւ տոքթ. Մելքոն Հայրապետեան, որ թմրեցուցիչ մը տուած էր: Անթիլիաս կը փութայ նաեւ առաջնորդ սրբազանը:

Դարմանումի առաջին աշխատանքները կատարելէ ետք, բժիշկները յարմար կը նկատեն, որ վեհափառը հիւանդանոց փոխադրուի: Տոքթ. Եագուպեան անհրաժեշտ կարգադրութիւնը կ՛ընէ եւ ժամը 4:45-ին, վեհափառը կը փոխադրուի Ամերիկեան հիւանդանոց, ուր կը սպասէր արդէն հաստատութեան սրտի մասնագէտ տոքթ. Ժորժ Ռըպէյզ: Կէս ժամուան մէջ ամէնէն արագ եւ կտրուկ միջոցները ձեռք կ՛առնուին` ցաւի ամոքման եւ դարմանման համար:

Շաբաթ կէսօրին տեղի կ՛ունենայ բժշկական խորհրդակցութիւն մը, որուն կը մասնակցին` տոքթ.  Ռըպէյզ, տոքթ. Սթեֆան եւ տոքթ. Սուիտան, միաբանութեան եւ Ազգային Իշխանութեանց փափաքով: Բժիշկները համաձայն  կը գտնուին դարմանման եղանակին շուրջ:

Ներկայիս դարմանման աշխատանքները կը շարունակուին կանոնաւոր կերպով: Մասնագէտ բժիշկ մը տեւականօրէն կը հսկէ վեհափառի սնարին մօտ, ուր ցերեկուան եւ գիշերուան փորձառու հիւանդապահուհիներ վայրկեան վայրկեանի կը հետեւին կաթողիկոսի առողջական վիճակին:

Վեհափառին սենեակը մտնելը արգիլուած է: Միայն երկու անգամ սրբազան առաջնորդն ու հայր Գարեգինը կրցած են մտնել եւ տեսնել վեհափառը, որ լիովին գիտակից է եւ ամէն ճիգով կը գործակցի խնամող բժիշկներուն:

Շաբաթ օր արդէն իսկ հեռագրուած է կիլիկեան բոլոր թեմերուն` զանոնք տեղեակ պահելու համար:

Բերիոյ թեմի առաջնորդ Ղեւոնդ արք. Չէպէեան, որուն ուրբաթ գիշեր հաղորդուած էր լուրը, շաբաթ իրիկուն ժամանեց Պէյրութ:

Երէկ կիրակի, Պէյրութի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ` հայրապետական մաղթանքի աղօթքներ տեղի ունեցան, ու ժողովուրդը ջերմեռանդօրէն աղօթեց Ն. Ս. Օծութեան առողջութեան համար:

Մասնաւորաբար յուզիչ էր արարողութիւնը Ս. Նշան մայր եկեղեցիին մէջ, ուր սրբազան առաջնորդն ու Սուրէն արք. Քեհմաճեան մասնակից եղան պատարագին` սփոփելով ժողովուրդին ցաւը:

Share this Article
CATEGORIES