Ֆութսալ. Ասիոյ Ակումբներու Ախոյեանութիւն. Սատաքայի Մրցակիցները` Ուասըլ Եւ Նաֆթ Ուասաթ

Յառաջիկայ 19-24 ապրիլին, Քուալա Լամփուրի (Մալեզիա) «Փանասոնիք Սփորթց Քոմփլաս» մարզադաշտը պիտի հիւրընկալէ Ասիոյ ֆութսալի ակումբներու ախոյեանութիւնը:

Արեւմտեան Ասիոյ հարաւային եւ կեդրոնական խումբերը բաժնուեցան երկու խմբակի:

Տեղի ունեցած վիճակաձգութեան ընթացքին, Լիբանանի ախոյեան Սատաքա, որ մաս կազմեց Ա. խմբակին իրեն մրցակից պիտի ունենայ Ուասըլը (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ) եւ Նաֆթ Ուասաթը (Իրաք): Իսկ Բ. խմբակին մաս կը կազմեն Սատ (Քաթար), Սալիմիէ (Քուէյթ) եւ Տորտուի (Խըրխըզիստան):

Նշենք, որ Սատաքա իր առաջին մրցումը պիտի կատարէ 19 ապրիլին` Նաֆթ Ուասաթի դէմ, իսկ երկրորդը 21 ապրիլին` Ուասըլի դէմ:

 

Share this Article
CATEGORIES