Դահուկարշաւ. Ֆաքրա Հիւրընկալեց Փոքրերու Ախոյեանութիւնը` 10 Տարուան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով

Լիբանանի դահուկարշաւի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ նախորդ շաբաթավերջին Ֆաքրայի մէջ տեղի ունեցան Լիբանանի փոքրերու ախոյեանութեան մրցումները: Այս մրցումները, որոնք կ՛իյնան Լիբանանի ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, տասը տարուան մէջ առաջին անգամ ըլլալով տեղի կ՛ունենան Ֆաքրայի մէջ:

Այս ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին 120 երկսեռ մարզիկներ` լիբանանեան տարբեր ակումբներէ, որոնք անդամակցած են ֆետերասիոնին:

Նշենք, որ տեղի ունեցան 1997-1998 եւ 1999-2000 դասակարգի մրցումներ:

 

Share this Article
CATEGORIES