ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ Մ. ԵՒ Հ. ԱՐՍԼԱՆԵԱՆ ՃԵՄԱՐԱՆ. ԿԵՆՍՈԼՈՐՏԻ ՕՐ
Զատկուան արձակուրդի նախօրեակին, չորեքշաբթի, 20 ապրիլին, ճեմարանի աշակերտները դպրոց ժամանեցին առանց պայուսակի` կենսոլորտի նշանակը կրող յատուկ տարազներ հագած:
Թէեւ դպրոցական սովորական օր մը չէր, սակայն` նոյնքան դաստիարակիչ: Տարրական բաժինէն մինչեւ երկրորդական, աշակերտ թէ ուսուցիչ, տնօրէնութիւն, պաշտօնէութիւն, տնտեսուհիներ, բոլորը լծուեցան աշխատանքի, եւ կենսոլորտի մասին բծախնդրօրէն պատրաստուած յատուկ ծրագիր մը գործադրուեցաւ:
Ամբողջ օրուան ընթացքին դպրոցի բակերուն, սրահներուն եւ դասարաններուն մէջ զանազան աշխատանքներ կատարուեցան: Աշակերտները մաքրեցին իրենց դասարանները եւ դպրոցին շրջակայքը, ծաղիկներ ու բոյսեր ցանեցին բակերուն ծաղկանոցներուն մէջ, տեղեկութիւններ ստացան առողջ եւ սննդարար ուտելիքներու մասին, կենսոլորտի մասին տեսերիզ դիտեցին:
Վերամշակման եւ աղբերու զտման մասին տեղեկութիւններ ստանալէ ետք, միջնակարգի եւ երկրորդականի կարգ մը դասարաններու աշակերտներ աղբերու զտման գործարան այցելեցին` ուսուցիչներուն ընկերակցութեամբ: Աւելի փոքր դասարաններու աշակերտներուն յատուկ ժամ տրամադրուեցաւ արուեստի զանազան մարզերու ընդմէջէն կենսոլորտի վերաբերող աշխատանքներ տանելու, ինչպէս` պար, երգ, թատրոն, գծագրութիւն եւ ձեռային աշխատանք:
Աւարտական դասարանի աշակերտները դպրոցէն իրենց հրաժեշտին առիթով, երեք ձիթենիներ տնկեցին մանկապարտէզի պարտէզին մէջ` իրենց ուսուցիչներուն եւ տնօրէնութեան ներկայութեան:
Ժամը 2:00-ին օրուան զանազան աշխատանքներուն մասին տեսասալիկի ցուցադրութիւն տեղի ունեցաւ «Ատրինէ Գարագաշեան» սրահին մէջ:
Բոլորը, թէեւ յոգնած, բայց գոհ եւ ուրախ մեկնեցան դպրոցէն:

