ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ` ՄԱՅՐԵՐՈՒ ԱՄՍՈՒԱՆ ԱՌԻԹՈՎ. ՄԱՅՐԱԿԱՆ ՕՐՀՆԵՐԳ
Ո՛վ կը յանդգնի ըսել, թէ հայ մօր կերպարի բարեմասնութիւններ վաղուց են վերացեր:
Թէ` անցելայուշ կարօտով անհատներու համար է միայն որ ան յաճախակի գովքի է արժանացեր:
Ո՛չ, զուր տեղ փորձ կը կատարուի նսեմացման, որով միտում կայ այլափոխելու դարերու ծանրութեամբ շիկացած եւ բիւրեղացած մօր դիմագիծ:
Ի սկզբանէ ամլութեան դատապարտուած է ամէն նկրտում, որ կը միտի հայ մօր կերպարի ուժական ներկայութիւնն ու դերակատարութիւնը ժամանակակից կեանքի պահանջներուն ագուցել, պարզապէս մոռնալով անոր առանձնակի դրոշմն ու անպարագծելի նուիրաբերումը` յանուն անհատական կեանքի ծլարձակումին, յաջողութիւններուն, բարեբեր զարգացումին ու մանաւանդ` հաւաքական միջավայրի առաւել պայծառացումին:
Ազգային շտեմարանի մեր պատմագրութիւնը արդարօրէն ընդգծած է հայ մօր տիպարի անփոխարինելութիւնն ու յաւերժահունչ արձագանգը:
Դարերու խորքէն հնչած է անոր` մայրական կանչին ու գուրգուրանքին տարողութիւնը, աւելի՛ն. հոգեպինդ պատնէշ է հանդիսացած դաժան պայմաններու թէ թշնամական ոտնձգութիւններու դէմ յանդիման:
Տոկունութեան ցուցանիշ է եղած, դիմակայելու ամէն յորձանուտի: Կամք կռանող ասպար է շինած` ինքնութեան թէ քրիստոնէական հաւատամքի:
Հնագոյն ժամանակներէ ի վեր ճանչցած է բարբարոսութիւններու թէ տառապանքներու ամէն տեսականի, իսկ թրքութեան զազրութեան դէմ թէեւ կիսամեռ ու այլանդակ, կուրծք է ցցած կեանքի պայքարին:
Մեծութեամբ շղարշուած` իմացական տարածքներու զինուորագրեալն է ան. հայ գիրի ու դպրութեան առաքելատիպ անհատը, մշակոյթի տարածիչը, ցեղային առանձնայատկութիւններու ծնուցիչ տարրը, մշակոյթի պահապանը, անսահման սիրոյ կատարն ու ինքնութեան մեծահամբաւ սպասարկուն:
Արդ, ոստում մը դէպի այսօրը` օրինակի մը ընդմէջէն:
Մերօրեայ հաւաքական կեանքին մէջ ներկայ է ան` տարբեր սերունդներու ներկայացուցչական հանգամանքով եւ տիրական դիմագիծով: Գիտութեամբ զրահաւորուած, մասնագիտական ոլորտներու քաջածանօթ եւ ունակութիւններով շնորհալի հայ մայրը, տարբեր ասպարէզի մէջ ներգործօն եւ անայլայլ կը շարունակէ բերել իր անփոխարինելի ներդրումն ու նպաստը, իբրեւ անդուլ կամքի ու հրաբորբ կորովի առանձնայատուկ տիպար:
Յիրաւի, ինչո՜վ պարուրել մեր մտքին ու հոգիին պաստառը, ի տես արդի ժամանակներու հայ մօր կերպարի խանդավառ, շէնշող եւ դէպի ապագայ իր հայեացքները ուղղած կեցուածքին:
Միւս կողմէ ալ, ինչպիսի՛ համոզումներով մենք մեզ պէտք է պատենք այս անգամ հայ մօր տխուր պատկերին դիմաց, երբ անոր ներաշխարհն ու իմացական կարողութիւններու հենքը եղած է աշխարհաքաղաքացիի մօտեցումներն ու կենսակերպը:
Ո՛վ է արգելք հանդիսացեր արդի հայ կնոջ զարգացումին, կամ` զանազան տեսակի դժուարութիւններու շրջանցումին: Սակայն, տխուր երեւոյթներու թէ անհարկի կենցաղակերպերու դիմաց` հաւաքական մեր կեանքի բազկերակը` երիտասարդութիւնը խօսք ու պատգամ ունի տալիք:
Փակագիծ մը:
Հաւաքական մեր կեանքին մէջ դեռ կը շնչեն հայ մայրեր, որոնք թէեւ ծերունազարդ եւ սակաւաթիւ կ՛ապրին իրենց կեանքի մայրամուտը, սակայն շնորհիւ իրենց մայրական տոկուն դիմագիծին ու տիրական ներկայութեան, բացմիտ խոհերուն եւ կենդանի գործին, միայն պատիւ կը բերեն մեր շրջապատին:
Իրօք, տեսած եմ զինք մեր շրջապատին մէջ, մանաւանդ դասախօսական տարբեր ձեռնարկներու առիթով: Հակառակ յառաջացած տարիքին, գրեթէ միշտ ներկայ է ան, կ՛ունկնդրէ, աչալուրջ կը հետեւի եւ աւարտին կը փոխանցէ իր գնահատանքն ու բարեմաղթութիւնները առանց վերապահութեան:
Անոր դէմքին վրայ մեծապէս զգալի են կեանքի ծանրութեան ակօսները, գրեթէ լուռ է ան, ժուժկալ: Թաքուն, ներքին հպարտութեամբ բնորոշ մայր մը, որ ի տես զաւակներու յաջողութիւններուն` որոնցմէ ուստրը ակադեմական բարձրագոյն ուսում ստացած եւ ազգի հովուական ծառայութեան կոչուած է, իսկ դուստրը ուսուցչական ասպարէզի նուիրուած է. ներկայ են անոնք` ծնողական իրենց թովչանքներով յագեցած:
Քրիստոնէական հաւատամքի ու հայկական շունչի անսպառ իր եռանդը բնորոշ գիծեր են, ուր եւ ամէնէն ընդգծելին կը մնան երկու յատկութիւններ` արժանիքներու քաջալերանքն ու օրհնաբեր մաղթանքները:
Եւ, առանց վարանումի պէտք է արձանագրել, թէ բարեպաշտ ու ջերմեռանդ իր նկարագրային բարեմասնութիւններուն հիմքը վերոնշեալ առանձնայատկութիւններն են, որոնցմով կ՛ապրի ու կը շնչաւորէ շրջապատ մը ամբողջ:
Այս առիթով ինչպէս չյիշել անոր ձեռնհաս եւ ստեղծագործ մտքին արգասիք բացիկները, զորս ամէն տօնի կը նուիրէ իրեն սիրելի անձերուն եւ ծնողներուն: Հապա անոնց մէջ իր ձեռագիրով արձանագրած Աստուածաշունչի խօսքերն ու մտածումները…
Մեծութեամբ յատկանշուող մայրական իր կենցաղին մէջ բացառաբար շեշտելին անոր ցուցաբերած օրհնութեամբ յագեցած գորովն է եւ բաշխումը բոլոր անոնց, որոնց մէջ կը տեսնէ ինքնութեան, հաւատամքի եւ նուիրումի անկորնչելի արժանիքներ:
Իսկ ի՞նչն է պակաս արդի հայ մօր կենցաղին մէջ, զլանալու նման օրհնաբեր արժանիքի մը գոյութիւնն անգամ, նախ իր զաւակներուն, ապա` շրջապատին:
Արդեօք, ինքնութեան եւ պատկանելիութեան տակաւ կորուստին մէջ պէտք չէ՞ փնտռել ներկայ ահաւոր կացութիւնը կամ` շռայլութեան յարուցած խարխափումներու հետեւանք:
Հաւանաբար, մեծխօսիկ պատասխաններու առատութեան մէջ եւ կեանքի թաւալքին զուգահեռ կը կորսուին շատ մը արժէքներ եւ իմաստներ, սակայն մնայունն ու գերազանցապէս անպարտելին պիտի մնայ մայրական օրհնութիւնը` իր նուիրական արտայայտութիւններով:
Անոր կը յատկանշուի հայ մօր կերպարը:
ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ