ՀԻՆԸ ՆՈՐՈՎ ԳԻՐԿԸՆԴԽԱՌՆ

Հաւաքածոյիս մէջ ունիմ պատմական լուսանկար մը: Խմբանկար մըն է, զոր գնած եմ կիրակի օր մը, Պոմոնթիի բացօթեայ հնավաճառներէն: Այս լուսանկարը կը խօսի մեզի Գուրուչեմշէի Երեւման Ս. Խաչ եկեղեցւոյ «Կոմիտաս» երգչախումբին մասին: Կը կրէ «Կոմիտաս երգչախումբ 1910» կնիքը, 2 սեպտեմբեր 1927 թուականը եւ Գ. Ի. արձանագրութիւնը (անունը` ինծի վերապահուած):

Այդ երանելի օրերուն այս լուսանկարը պատկաներ է ուրեմն, ինծի անծանօթ Գ. Ի. անուն անձին, որ յայտնի է, թէ ներկայ է նկարին մէջ, եւ վստահաբար մահացեր է ու իր յաջորդները անոր մարմնին հետ տունէն դուրս հաներ են նաեւ այս լուսանկարը:

Մլուկները, որոնք այդ թուականներուն փայտաշէն տուներու մէջ լուսանկարները որպէս իրենց ապահով պատսպարան կ՛ընտրէին, այս լուսանկարի ներկայիս շրջանակէ մերկացած անկիւններուն մէջ թողեր են իրենց գոյութեան եւ բնակութեան հետքերը` անհամար կէտկիտումներով: Անոնք ալ թողեր են փաստ մը պատմութեան, այդ օրերու իրենց բարգաւաճ գոյութեան եւ աշխարհի մէջ իրենց անփառունակ գոյատեւման մասին:

Լուսանկարին մէջ կ՛երեւին աւելի քան ութսուն երկսեռ անդամներ: Առանց բացառութեան, մէկ առ մէկ կը քննեմ զանոնք` ծանօթ մը գտնելու ակնկալութեամբ: 84 տարիներու վրայ բարդելով իմ կողմէ որոշեալ անոնց հաւանական տարիքը, այն եզրակացութեան կը յանգիմ, որ այդ անձերէն ո՛չ մէկը կ՛ապրի ներկայիս: Մարդիկը իրենց աչքերէն ճանչնալու, նոյնիսկ անոնց ազգութիւնը ճշդելու իմ փորձառութիւնս կամ աւելի ճիշդ ընդունակութիւնս, կը յուշեն ինծի, որ այդ լուսանկարին մէջ կան երկու անձեր, զորս ես ճանչցած եմ իմ աշակերտութեան տարիներուն: Անոնցմէ մէկը մեր նախակրթարանի մարզանքի ուսուցիչ Մանիշակ Բարունակեանը պէտք է ըլլայ (լուսանկարին մէջ` աջէն երկրորդ կարգի չորրորդը), իսկ երկրորդը` տնօրէն, ուսուցիչ եւ քննիչ Համբարձում Տատեանը (ձախին ոտքի` երկրորդը): Կայ նաեւ անձ մը, որ պէտք է ըլլայ Հրանդ Փափազեանը, զոր ճանչցած եմ աւելի ուշ, «Մարմարա»ի խմբագրատունը յաճախելէս վերջ (ճիշդ կեդրոնը` ակնոցաւոր երիտասարդին ետեւը): Մնացեալները ծանօթ չեն ինծի:

«Կոմիտաս երգչախումբը»…: Պոլսոյ մէջ ծնունդ առած ամէնէն հին երգչախումբը:

Երգչախումբ մը, որ կազմուած է քսաներորդ դարու առաջին տասնամեակին, 1910-ին, լման դար մը առաջ, անմահանուն երգահան ու յօրինող Կոմիտաս վարդապետի անմիջական աշակերտներուն կողմէ:

Երգչախումբ մը, որուն անունը նուիրական է ամէն հայու համար, անհատապէս եւ ազգովին:

Երգչախումբ մը, որ ներկայիս թէեւ ակնբախ նօսրացում արձանագրած է իր շարքերէն ներս, բայց տակաւին կը շարունակէ գոյատեւել` որպէս կենդանի ժառանգորդը հայ երաժշտութեան մեծագոյն երգահանին:

Վոսփորի եւրոպական ափին վրայ, Գուրուչեշմէի այդ օրերու հայահոծ եւ հայաբոյր թաղին մէջ այս երգչախումբը ունեցեր է բազմաթիւ անդամներ, որոնք շէնցուցեր են մեր այս ծովափնեայ գեղածիծաղ թաղի Երեւման Ս. Խաչ եկեղեցին: Պերճաշուք այս թաղը, որ սրբագործուած է ամիրաներու եւ չելեպիներու նշխարներով եւ հանդիսացած է բնակավայր անցեալի ականաւոր պատրիարքներու, ներկայիս թէեւ մերկացած իր վայելչութենէն ու փառքէն, այնուհանդերձ, իր սրբավայրով կը շարունակէ հոգեկան ներշնչման աղբիւր հանդիսանալ սերունդներու, Երեւման Ս. Խաչի միւռոնաբոյր հովանիին տակ:

Ուշադրութեամբ, մէկ առ մէկ կը դիտեմ դարձեալ «Կոմիտաս» երգչախումբի այս լուսանկարով անմահացած անդամները, որոնք իրենց ոսկի հագագները ի սպաս դրին եկեղեցւոյ պայծառութեան, գովերգեցին փա՛ռք Արարչին, շէնցուցին մեր աղօթատեղիները:

Կը դիտեմ զանոնք անցեալի մեր փայլուն օրերու անզուսպ կարօտով, կը շոյեմ զանոնք երազկոտ աչքերով եւ հոգեհանգստեան սրտաբուխ աղօթք մը կը մրմնջեմ մեր այս երգչախումբի հանգուցեալ բոլոր անդամներու հոգւոյն:

Վերջերս կրկին գացած էի Պոմոնթիի հնավաճառներուն մօտ, ուր լուսանկարներու տրցակի մը մէջէն գտայ ու գնեցի զոյգ մը խմբանկարներ, որոնք նոյնպէս պատմական արժէք ունէին:

Դպրոցականներու խմբանկարներ էին անոնք: Զոյգ նկարներուն մէջ ալ ճիշդ կեդրոնը կ՛երեւէր վարժարանի տնօրէնը, որ ճանչցայ իսկոյն գիրքերու մէջ տպուած իր լուսանկարներէն հետեւցնելով: Մեծ մանկավարժ եւ ուսուցչապետ Յովհաննէս Հինդլեանն էր ան, Նշանթաշի մէջ այժմ փակուած «Նոր դպրոց»ի, եւ կամ իր իսկ անունով «Հինդլեան» վարժարանի հիմնադիր տնօրէնը:

Յովհաննէս Հինդլեան, կրթական կեանքէ ներս պաշտամունքի արժանի տիտան մը, Սկիւտարի Պէրպէրեան վարժարանի անդրանիկ եւ շնորհալի սան, որ քսաներորդ դարու առաջին տասնամեակին, 1909-ին, օգտուելով օսմանեան սահմանադրութեամբ հաստատուած համեմատաբար ազատ գործունէութեան պայմաններէն, Գալուստ Մալաթեանի հետ համագործակցաբար հիմը դրաւ անձնական վարժարանի մը եւ կոչեց զայն «Նոր դպրոց»: Այս անունը որդեգրեց ան, որովհետեւ հետեւած էր այդ շրջանին Արեւմուտքի մէջ մանկավարժական գետնի վրայ արձանագրուած վերազարթօնքին, նորագոյն նուաճումներուն, եւ իր ցանկութիւնն էր մեր նոր սերունդը եւս մտաւոր եւ բարոյական գետնի վրայ օժտել զարգացման արդիաշունչ գիտելիքներով: Այս տեսլականէն առաջնորդուած` հրատարակեց ուսուցողական բնոյթով գիրքեր, առաջնորդող յօդուածներ եւ իր ամբողջ կեանքը նուիրաբերեց սերունդներու հոգեմտաւոր զարգացման եւ դաստիարակութեան գործին: Արիաբար կուրծք տուաւ նիւթական եւ բարոյական բազմապիսի դժուարութիւններու եւ իրեն գաղափարակից արժէքաւոր ուսուցիչներու հոյլի մը հետ տարիներ շարունակ մեր ժողովուրդին նուիրեց պարծանքի արժանի սերունդներ:

Ծնաւ 1866-ին. իր տեսլականին իրականացումն ու փառքը վայելեց լման 40 տարիներ, մինչեւ իր մահը` 1950: Իսկ իր «Նոր դպրոց»ը, որ բացուած էր 1909-ին, գործեց իր մահէն ետք եւս եւ փակուեցաւ 1988-ին, ծառայելով ազգին` լման 79 տարիներ:

ՄԱՔՐՈՒՀԻ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

(Շար. 4)

Share this Article
CATEGORIES