Անգլիական Ֆութպոլ. Վաղը` Լիվըրփուլ – Սուանզի
Անգլիոյ ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 27-րդ հանգրուանի բացման մրցումին, վաղը Լիվըրփուլ պիտի հիւրընկալէ Սուանզին: Մրցումը պիտի սկսի ժամը 17:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:
Ախոյեանութեան գծով այլ մրցումներ պիտի չկատարուին, որովհետեւ շաբաթավերջին տեղի պիտի ունենան Անգլիոյ բաժակի մրցաշարքի 5-րդ հանգրուանի մրցումները` ստորեւ տրուած յայտագիրին հիմամբ (ժամերը` Պէյրութի ժամանակացոյցով).
ԱՅՍՕՐ ԺԱՄ
Լիւթըն – Միլուոլ 14:45
Արսենալ – Պլեքպըրն 17:00
Միլթըն – Պառնզլի 17:00
Օլտհեմ – Էվըրթըն 20:00
ՎԱՂԸ
Չելսի – Պրենթֆորթ 14:00
Մանչեսթըր Սիթի – Լիծ 16:00
Հատըրսֆիլտ – Ուիկըն 17:55
ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ
Մանչեսթըր Եունայթըտ – Ռիտինկ 22:00
CATEGORIES Մարզական