Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` «Էօ. Էն. Պէ.» – ՀՄԸՄ Պէյրութ
Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի Ա. հանգրուանէն յետաձգուած մրցումը` «Էօ. Էն. Պէ.»-ի եւ ՀՄԸՄ Պէյրութի միջեւ, որ սկզբունքով տեղի պիտի ունենար երեքշաբթի, 5 փետրուարին, պիտի կատարուի այսօր` շաբաթ, 16 փետրուարին, յետմիջօրէի ժամը 16:00-ին, Միշել Մըրի անուան համալիրին մէջ:
Նշենք, որ 3-րդ հանգրուանի իր մրցումը ՀՄԸՄ Պէյրութ պիտի կատարէ երկուշաբթի, 25 փետրուարին, երեկոյեան ժամը 21:00-ին Այնթուրայի դէմ, Քահրապայի դաշտին վրայ:
CATEGORIES Մարզական