Երիտասարդական Ոսպնեակ. Համաժողովրդային Պոռթկումի Փետրուարեան Տարբերակը (18 Փետրուար 1921)
ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ
Քանի մը տարի է ամբողջ մարդկութիւնը ականատես է այսպէս ասած մերօրեայ ժողովրդային «գարուն»-ներու, կը հետեւի անոնց զարգացումներուն, ականջալուր կը հսկէ արձանագրուած յաջողութիւններուն, այլապէս կշռադատելով անոնց պատճառած թոհուբոհն ու վերիվայրումներու աստիճանաչափը` կը յանգի որոշակի եզրակացութիւններու եւ համապատասխան հակազդեցութիւններու:
Սա է այսօրուան աշխարհաքաղաքական խօլ պայքարին ու մրցակցութիւններու խորապատկերն ու առաջադրանքային հեռանկարները:
Յայտնապէս` ժողովրդային նման պոռթկումներու առանցքը եթէ մէկ կողմէ կ՛ընդգրկէ քաղաքական, ընկերային, տնտեսական բարեփոխումներու, ներքին բարեկարգումներու տեսադաշտ, ապա անոնք կը միտին վերացնել նաեւ խոր արմատներ ունեցող փտածութեան, կաշառակերութեան, անարդար ու խենեշ վարքագիծ ունեցող իշխանութիւններ, որոնք ժամանակէ մը ի վեր հալածած ու արիւնաքամ են ըրած նոյնինքն սեփական ժողովուրդն անգամ:
Այլ հարց, թէ նման սարքուած «գարուն»-ներու ետին` համայնակուլ քաղաքական ու մեծապետական հաշիւներ կը տողանցեն, պարզապէս յագեցնելու իրենց դարաւոր գաղութատիրական ու շահակցական ախորժակները:
Պէտք չէ մտահան ընել նաեւ այն իրողութիւնը, թէ կարգ մը արաբական երկիրներու մէջ առկայ ժողովրդային պահանջները ուժգնօրէն իրենց հզօր ազդեցութիւնն են պարտադրած տուեալ երկիրներու առօրեայ կեանքին, ուր խնդրոյ առարկայ է դարձած ժողովուրդի օրապահիկն անգամ:
Արդարեւ,
Նման ժողովրդային պոռթկումներ, համատարած ցոյցեր, շատ անգամ արիւնալի բախումներ, քաղաքացիական անհնազանդութեան կոչեր, հակապետական շարժումներ, մենաշնորհեալ ու փտածութեամբ վարակուած իշխանատենչ խաւի ու համակարգի դէմ ցասումի լայնածաւալ արտայայտութիւններ, աւելի՛ն. պատերազմական գործողութիւններ, աւերի ու սարսափի արարքներ, բարբարոսութիւններ դժբախտաբար յատկանիշ են դարձած մերօրեայ հասարակական կեանքի թաւալքին: Անոնք այլապէս ալ զգուշացման եւ զգօնութեան պատեհութիւններ պէտք է ստեղծեն իւրաքանչիւր պետական համակարգի եւ իշխանութիւններու տէր միջավայրի:
Անցնինք մեր ածուին:
1921 փետրուար 18-ի պայթած ըմբոստութիւնն ու քաջարի մաքառումները Արեւելեան Հայաստանի տարբեր շրջաններու եւ գիւղերու մէջ, թէեւ ուշացած (ինքնազսպումէ թելադրուած), սակայն իրենց ազգային թելադրականութեամբ եւ քաղաքական կեցուածքով միայն պատիւ կը բերեն հայ ժողովուրդին, որովհետեւ կարմիր (համայնավար) հորդաներու դրօշին տակ ծառայող խմբաւորումներու յստակ մտադրութիւնն էր ոչ թէ միայն թալանել ու կողոպտել հայ գիւղացին, ճզմել հայ աշխատաւորի կամքն ու կորովը, կացինահարել ֆետային եւ ազատամարտիկը, հարուածել ՀՅ Դաշնակցութիւնն ու անոր հետեւորդ մտաւորական ու հասարակական գործիչները, այլեւ` միանգամընդմիշտ թաղել հայութեան հայրենիք կերտելու երազանքն ու քաղաքական կամքը, որ վերակենդանացաւ 28 մայիս 1918-ի խորհուրդով:
Այլ խօսքով, պոլշեւիկեան ու անոնց կատարածուներու հետապնդած բացայայտ նպատակն էր` ջլատել ազգային մէկութեան գաղափարականը` ուղղակի հարուածելով ազգային արժանապատուութեան գերակշիռ զգացողութիւնն ու հաւատամքը:
Ահաւասիկ, նման պայմաններու եւ դժխեմ կացութիւններու դէմ յանդիման, Ազգային փրկութեան կոմիտէի ղեկավարութեամբ ազգին մնացորդացը իր պանծալի սխրագործութիւնները կ՛իրագործէր յանուն ազգային արժէքներու պահպանումին, պատմական ճշմարտութիւններու ամրագրումին, հպարտօրէն ապրելու եւ հայօրէն ստեղծագործելու հաւատամքին, այլապէս` զանոնք հետագայ սերունդներու փոխանցումին:
Այսուհանդերձ, ցարդ ազգային պատմագրութեան լուսափայլ էջերը կամ հայրենի պետական-ակադեմական շրջանակներ կը յամենան ըստ արժանւոյն գնահատել ազգային պահուածքով նման իրողութիւն եւ քաղաքական աքթ, տարտամ բացատրութիւններէ կամ վերլուծութիւններէ մեկնած:
Սակայն խորքին մէջ մատնանշելին կը մնայ այն, թէ արդի ժամանակներու աշխարհաքաղաքական բարդ իրավիճակներու դէմ յանդիման եւ մասնաւորաբար հայրենի վերանկախ պետականութեան ու ազգային մտածողութեան ամրակայումի գործընթացին առաւել արդիւնաւէտութեան համար, աւելի քան անհրաժեշտ են պատմական տուեալներու իւրովի ըմբռնումն ու համապատասխան վերաբերումը, իբրեւ յետնորդ սերունդի զաւակներ, հեռու մնալով տեղայնամտութեան, հատուածապաշտութեան եւ գաղափարական բարդոյթներու առթած ապաշնորհ հետեւանքներէն:
Այս առումով, հայրենի պետական շրջանակներու եւ մտաւորականութեան համար յոյժ գնահատելին պիտի ըլլայ այն կեցուածքը, որով պիտի կարենան ընդգրկել ազգային մտածողութենէ թելադրուած ամէն արարք եւ ուսանելի պատահար` քաղաքական հոտառութիւններու եւ ճիշդ կողմնորոշումներու առաւել յանձանձումին համար:
Արդեօք կարիքը կա՞յ յիշեցնելու, թէ ազգերու մղած գոյութենական պայքարին հիմքը պետական մտածողութեան որոշադրիչ տարողութիւնն է, որով կը ձեւաւորուին քաղաքական մշակոյթի տարբեր հանգանակներ, եւ որոնց մղումով կ՛ուժեղանան հաւաքական կեանքի պատուանդաններ` ազգային յիշողութեան եւ արէժքներու տիրութեամբ ու անոնց հարազատ ընկալումով:
Ի դէպ, պիտի չուզէինք նաեւ բանտարկել հաւատամքի, արութեան, ազատ ապրելու, հպարտանալու եւ սլացիկ ամէն թռիչք պարզապէս յագուրդ տալու ապաքաղաքականացած տրամադրութիւններու, միեւնոյն ատեն` բացառութիւն է բոլորիս համար երկուութեան եւ պառակտումի ամէն միտում, յիշատակելի թուականներու հնչեղութիւնը պարտադրանքի վերածելէ:
Որովհետեւ հաստատ է այն համոզումը, թէ հայ ժողովուրդի արժէքային համակարգը իր հեշտութեամբ եւ փորձառութեամբ անպայման որ պիտի կարենայ իր տեղն ու դերը ծառայեցնել համայն հայութեան շահերուն կենսագործումին եւ հայրենիքի հզօրացման ի խնդիր:
Այլ ասած, Փետրուարեան ապստամբութեան պատմակշիռ եւ քաղաքական նշանակութեան խորհուրդը էապէս առնչուած է այսօրուան հայ իրականութեան հետ, որովհետեւ, տակաւին թարմ է մարտ 1-ի ապաշնորհ արձանագրութիւնը հայոց պատմութեան մերօրեայ էջերուն վրայ, ուր պէս-պէս հաշիւներու ու տհաս քաղաքական վարքագիծերու որպէս հետեւանք, եւ զազիր թշնամիներու ուղղակի հայեացքներու տակ ազգի բաղադրիչներ ցոյց կու տային անհանդուրժողութեան, կամայականութիւններու, թալանի, խենեշ տրամադրուածութիւններու եւ փոքրոգի կազմաւորումներու իսկապէս զարմացնող պատկերներ:
Միւս կողմէ, կա՞յ աւելի կենարար եւ որոշակի արտայայտութիւն` հոգիներն ու մտածումները սթափեցնող, քան համաժողովրդային պոռթկումի եւ ցասումի օրինակ` փետրուարեան մաքառումի պատմավաւերական դիպաշարը, որուն իրողութենէն եւ թելադրութենէն շատ քիչ բան գիտեն նորահաս սերունդին միաւորներ, բազմաթիւ պատճառներու բերումով:
Ո՛չ, ճիշդ արեւելումը պէտք է որ ընդգրկէ այն գործընթացը, ուր ազգային պանծալի դրուագներու եւ կողմնորոշումներու էութիւնը հարազատօրէն փոխանցուի հայութեան ու հետագայ սերունդներու, որպէսզի հայ կեանքը զերծ մնայ աւելորդ եւ քանդիչ վերիվայրումներէ:
Անասելի զոհողութիւններով եւ յանդուգն կռիւներով յատկանշուած համաժողովրդային այս տիպի պոռթկումը ցուցանիշ է թշնամիին դէմ ծառանալու հայութեան կամքին ու մանաւանդ` միաւորուելու գիտակցութեան:
Այո՛, անվարան պէտք է հաստատել, որ վերանկախ հայրենիքի կայացումին եւ հզօրացումին կը նպաստէ նաեւ ազգային պարունակով եւ ժողովրդային իր ուժականութեամբ յագեցած փետրուարեան այս սխրանքը, որովհետեւ այդ շարժման մեկնակէտն ու թիրախը կը պարփակէր այնպիսի խորհուրդ մը, որուն էութիւնը խարսխուած էր Հայկեան ազատատենչ ոգիի եւ հրաշափառ կերպարին մէջ:
Տարօրինակ զուգադիպութիւն 18 փետրուարներու (1921 եւ 2013):
Ճիշդ է, որ մէկ թուականը ունի պատմակշիռ իր տարողութիւնը, իսկ միւսը` յաւակնութիւնը ունի ըլլալու այդպէս, առանց բովանդակային իմաստի ու խորհուրդի, ուստի, մեր կարգին կ՛արձանագրենք, որ հայրենի իշխանութիւններու վերարտադրումի եւ վերահաստատման բոլոր միտումներն ու նկրտումները հայրենիքի զարգացման ու յառաջդիմութեան, ժողովուրդի բարօրութեան ու ինքնաղեկավարման հաշուոյն պիտի մնան սոսկ ափսոսանքի եւ պարտութեան անցողակի տարեթիւեր:
Փաստօրէն, հայրենի նախագահական ընտրութիւններու կանխորոշուած ըլլալու իրականութիւնն անգամ դիպուկ ապացոյց մըն է ներքին համակարգի փտածութեան, ընկերային խաւի ժողովրդավարական մշակոյթի անընդունակութեան, եւ առանձնապէս` դէպի ապագայ ճախրելու մտքի ու հոգիի դալկութեան:
Ընդգծում մը:
Հայոց պատմագրութիւնը կը պարծենայ փետրուարեան ապստամբութեան իրագործումներէն, կը մնայ, որ հայրենի առանձնաշնորհեալ իշխանութիւնները գիտակցին, թէ ներկայ իրականութեամբ չեն կրնար իրենց կնիքն ու դրոշմը արձանագրել հայոց պատմութեան յառաջիկայի ոսկեմատեանին մէջ:
Որովհետեւ կը գործեն անոր հակոտնեայ ուղղութեամբ: