Ցեղասպանութիւնը Ճիշդ Բառն Է, Արդարութիւնը` Վերջնական Նպատակը
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Նախորդ շաբաթ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանին մեկնաբանութիւնները բաւական վիճաբանութիւններ յարուցեցին, երբ, ինչպէս կը հաղորդուի, փետրուար 5-ին Երեւանի մէջ իր նախընտրական արշաւին ընթացքին ան յայտարարեց, թէ «ցեղասպանութիւն» եւ «եղեռն» բառերը հոմանիշ են: Ան վստահեցուց, որ նախագահ Օպամա առանց «Ցեղասպանութիւն» բառը արտասանելու` արդէն «ամէն ինչ» ըսած է: Հայաստանի նախագահը կ՛ակնարկէր Միացեալ Նահանգներու նախագահ Օպամայի կողմէ «Ցեղասպանութիւն» եզրին փոխարէն «Մեծ եղեռն»-ի օգտագործման, ապրիլի 24-ի անոր արտասանած տարեկան ուղերձին մէջ:
1915-23 թուականներուն հայութեան դէմ գործադրուած զանգուածային ջարդերը բնութագրելու համար «Եղեռն» եւ «Մեծ եղեռն» բառերը ընդհանրապէս հայութեան կողմէ կ՛օգտագործուէին նախքան 1943 թուականը` Ռաֆայէլ Լեմքինի կողմէ «ցեղասպանութիւն» բառին յօրինումը: Նախքան 1943` հայերը զանազան արտայայտութիւններ օգտագործած են այդ կոտորածներուն ակնարկելով, ինչպէս` «ջարդ», «մեծ ոճիր», «աղէտ», «տեղահանութիւն» եւ «աքսոր»: Սակայն այս բառերէն ոչ մէկը, միջազգային օրէնքին համաձայն, «ցեղասպանութեան» իրաւական զուգորդական իմաստը ունի:
1943 թուականէն ի վեր հայերը բաւական ժամանակ եւ ջանք վատնած են աշխարհը համոզելու, թէ իրենք ցեղասպանութեան զոհեր են եւ այժմ միջազգային օրէնքով արդարութիւն կը պահանջեն Թուրքիայէն: Ասիկա է հիմնական պատճառը, թէ հայերը ինչո՛ւ կը պահանջեն ցեղասպանութեան, եւ ոչ թէ ջարդերու, եղեռնի կամ տեղահանութեան ճանաչում:
Նախագահ Օպամա իր տարեկան ուղերձներուն մէջ «Մեծ եղեռն» եզրը օգտագործած է այն միակ պատճառով, որ խուսափի «Հայոց ցեղասպանութիւն» բառերը արտասանելէ` զիջելով թրքական ճնշումներուն: Եթէ մեծ եղեռն ու ցեղասպանութիւնը միեւնոյն իմաստը ունին, ինչո՞ւ նախագահ Օպամա «մեծ եղեռն»-ի փոխարէն` չ՛օգտագործեր «ցեղասպանութիւն» եզրը: Ի վերջոյ, նախագահական թեկնածու Օպամա ամերիկահայ ընտրողներուն չէր խոստացած, որ ընտրուելու պարագային պիտի ճանչնայ Մեծ եղեռնը, այլ` Հայոց ցեղասպանութիւնը:
Այսպիսով, բոլոր անոնք, որոնք կը պնդեն, թէ մեծ եղեռնը եւ ցեղասպանութիւնը հոմանիշներ են, պարզապէս նախագահ Օպամայի առջեւ ազատ ուղի կը հարթեն` անոր արտօնելով չպահպանել իր լրջագոյն խոստումը: Անոնք միաժամանակ վնաս կը հասցնեն Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման համար քանի մը տասնամեակներու հայկական լոպիստական տքնաջան ճիգերուն:
Անոնք, որոնք կը հաստատեն մեծ եղեռնի եւ ցեղասպանութեան միջեւ առկայ համարժէքութիւնը, երբեք այդպէս չեն ըներ հայկական եզրաբանութենէն անտեղեակ ըլլալնուն պատճառով: Անոնք շատ լաւ գիտեն, որ այդ երկու բառերը նոյն իմաստը չեն արտայայտեր: Անոնց իսկական նպատակը յաղթանակ յայտարարելն է` օտարներուն հաւատալ տալով, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահը ի վերջոյ ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութեան իրողութիւնը:
Այս մօտեցման մէջ առկայ է քանի մը խաբկանք: Նախ` անկախ անկէ, թէ Մեծ եղեռն ի՛նչ կը նշանակէ հայ ժողովուրդին համար, ան բոլորովին անիմաստ եզր է բոլոր անոնց համար, որոնք հայերէն չեն գիտեր: Երկրորդ անօգուտ են այն փորձերը, որոնք կը միտին մեծ եղեռն եւ ցեղասպանութիւն եզրերը հաւասարեցնելով` Ցեղասպանութեան ճանաչման իմաստով յաջողութեան արձանագրում յայտարարել: Իսկապէս կարիք չկայ աղաւաղելու նախագահ Օպամայի խօսքերուն իմաստը: 1951 թուականին Միացեալ Նահանգները ճանչցած են Հայոց ցեղասպանութիւնը, երբ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը պաշտօնական փաստաթուղթ ներկայացուցած է Միջազգային արդարադատութեան դատարան (Միջազգային դատարան)` ճանչնալով Հրէական ողջակիզումը եւ Հայոց ցեղասպանութիւնը` իբրեւ ցեղասպանութեան օրինակներ: Միացեալ Նահանգներու նախագահներէն Ռոնալտ Ռիկընը 1981 թուականի ապրիլ 22-ին ստորագրած է նախագահական հռչակագիր, ուր ան յիշատակած է Հայոց ցեղասպանութիւնը: Բացի ատկէ, Ներկայացուցիչներու պալատը երկու անգամ ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը` 1975 եւ 1984 թուականներուն ընդունուած բանաձեւերով:
Հետեւաբար, այլեւս խիստ անհրաժեշտութիւն չկայ հետամուտ ըլլալու Հայոց ցեղասպանութեան յաւելեալ ճանաչման` Քոնկրեսին մէջ մնայուն կերպով բանաձեւերու որդեգրման աշխատանք տանելով կամ նախագահ Օպամայէն պահանջելով արտասանել «Հայոց ցեղասպանութիւն» բառերը: Կարիք չկայ նաեւ վերաիմաստաւորելու նախագահ Օպամային ուղերձները` պնդելով, թէ «Մեծ եղեռն» եզրը օգտագործելով` ան ինքնըստինքեան ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը:
Նախագահ Օպամա Հայոց ցեղասպանութիւնը պէտք է ճանչնայ միայն այն պատճառով, որ հաստատէ իր խօսքին տէրը ըլլալը:
Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակի նախաշեմին հայ ժողովուրդին եւ անոր աջակիցներուն համար խիստ կարեւոր է իրենց ուժերը կեդրոնացնել ոչ թէ Ցեղասպանութեան յաւելեալ ճանաչման հասնելու վրայ, որ արդէն կայացած իրողութիւն է, այլեւ հարիւր տարի առաջ իրենց նախնիներուն դէմ գործուած զանգուածային ոճրագործութիւններուն համար արդարութեան ապահովման վրայ:
Միացեալ Նահանգներէն կամ նոյնիսկ Թուրքիայէն Ցեղասպանութեան ճանաչումը պահանջելու փոխարէն, ինչ որ որեւէ ճշգրիտ օգուտ չի բերեր, հայերը իրենց ուժերը պէտք է կեդրոնացնեն աւելի իմաստալից քայլերու վրայ, ինչպէս դատական հայցերու ներկայացում թրքական կառավարութեան դէմ` ազգային եւ միջազգային դատարաններու մէջ:
Երբ դատական կարգով կամ աշխարհաքաղաքական անսպասելի զարգացումներու իբրեւ արդիւնք` հայ ժողովուրդը Թուրքիայէն վերադարձնէ իր տարածքներն ու ունեցուածքը, թրքական կառավարութիւնը որքան կ՛ուզէ, կրնայ շարունակել Հայոց ցեղասպանութեան ուրացումը:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր
Թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց`
«ԵՌԱԳՈՅՆ» կայքէջը
Getztzes Haverzh, Krichovet ays Hoyagab hotvatsovet .