Միլիթօ Կրնայ Մինչեւ Տարեշրջանի Աւարտը Դաշտ Չներկայանալ
Ինթեր Միլանի յառաջապահ Տիեկօ Միլիթօ, որ նախորդ շաբաթավերջին Քլիւժի դէմ տեղի ունեցած «Եուրոփա լիկ»-ի մրցումին վիրաւորուեցաւ, կրնայ մինչեւ այս տարեշրջանին աւարտը դաշտ չներկայանալ, կը յայտնէ «ՌՈՅԹԸՐԶ» լրատու գործակալութիւնը:
Միլիթօ, որ 2010-ին «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին աւարտին նշանակեց Ինթերի երկու կոլերը (2-0), նոր վերադարձած էր ֆութպոլի դաշտերը:
Անոր հայրենակիցը` Ռոտրիկօ Փալասիօ, որ փոխարինած էր զինք, Քլիւժի դէմ տեղի ունեցած մրցումին նշանակեց իտալական կազմին երկու կոլերը (2-0), 1-32-րդ հանգրուանի երթի մրցումին ընթացքին:
CATEGORIES Մարզական