ՀՄԸՄ` Լիբանանեան Բանակին Հետ
Կիրակի, 17 փետրուար 2013-ին, լիբանանեան բանակը կազմակերպած էր վազքի մրցում մը` յիշատակելու համար զինուորական մարզանքներու հիմնադրութեան միջազգային տօնը:
Սոյն վազքին կը մասնակցէին լիբանանեան բանակը, ներքին ապահովութեան ուժերը, ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն պատկանող զինուորներ, ինչպէս նաեւ լիբանանեան մարզական ակումբներ: ՀՄԸՄ եւս ներկայ էր այս վազքին:
Վազքը սկսաւ Ամշիթի մէջ գտնուող «Միլետ Նատաֆ» զօրանոցէն: Առաւօտեան ժամը 9:00-ին, երկսեռ մարզիկները սկսան վազքը լիբանանեան քայլերգի ունկնդրութենէն ետք` արտօնութեամբ ներքին ապահովութեան ուժերու հրամանատարին: Ներկայ էին 1100 հոգիէն աւելի երկսեռ մարզիկներ: Անոնք խանդավառօրէն վազեցին Ամշիթէն մինչեւ Ժիպէյլ: Ճանապարհին խստօրէն ապահովուած էր մարզիկներուն անցքը` լիբանանեան բանակին կողմէ: Մարզիկները հասան Ժիպէյլի մայր հրապարակ` կտրելով 5 քմ ճամբայ, ուր աւարտեցաւ վազքը: Այնտեղ կատարուեցաւ մետալատուչութիւն` ներկայութեամբ ներքին ապահովութեան ուժերու հրամանատարին եւ այլ զինուորական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններու: ՀՄԸՄ անգամ մը եւս ցոյց տուաւ, թէ ինք լիբանանեան բանակի կողքին է:
ՀՄԸՄ-ական եղբայր Լեւոն Թաշճեան 5 քմ վազքը աւարտեց 24 վայրկեանէն եւ իր տարիքային խմբաւորման մէջ հանդիսացաւ երրորդ: Ան ստացաւ իր մետալը` ներքին ապահովութեան ուժերու հրամանատարին ձեռամբ: