«Շախմատային Կուսակցութեան Նպատակն Է Աշխարհի Բոլոր Խորհրդարաններուն Մէջ Ճատրակի Մասին Օրէնքին Ընդունումը» Կ՛ըսէ Իլիումժինով
PanArmenian.Net լրատուական կայքէջը կը յայտնէ, որ նախորդ սեպտեմբերին ՖԻՏԷ-ի նախագահ Քիրշան Իլիումժինով, որ մտադրած էր Շախմատային կուսակցութիւն շարժումը ստեղծել, վերջերս իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսած է.
«Շախմատային կուսակցութիւն շարժումին նպատակն է աշխարհի բոլոր խորհրդարաններուն մէջ ճատրակի մասին օրէնքին ընդունումը: Օրինակ` Խըրխըզիստանի մէջ, երկրին նախկին նախագահը` Օմուրպեկ Պապանով, արդէն կը պատրաստուի այնպիսի օրէնք առաջարկել, որ թոյլ պիտի տայ դպրոցներուն մէջ ճատրակը դասաւանդել իբրեւ պարտադիր պահ»:
Իբրեւ հովանաւորներ, ան մտադիր է ներգրաւել` «Կուկըլ», «Ֆէյսպուք», «Մաքտոնալտզ» եւ «Այ. Պի. Էմ.» ընկերութիւնները, կը յայտնէ PanArmenian.Net` իր լուրը քաղելով «Իզվեսթիա»-էն:
Նշենք, որ Հայաստանի մէջ ճատրակը արդէն իսկ պարտադիր դասապահ է դպրոցներուն մէջ: