«Երգ Երգոց». Բարձրորակ Կատարումներով Ֆլորա Մարտիրոսեանին Նուիրուած Յիշատակի Իւրայատուկ Նախաձեռնութիւն

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, երէկ` կիրակի, 17 փետրուար 2013-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Երգ երգոց»` նուիրուած հայ երգարուեստի անուանի մշակ Ֆլորա Մարտիրոսեանին, ներկայութեամբ մեծաթիւ արուեստագէտ եւ արուեստասէր հասարակութեան:

Յիշատակի երեկոյին սկզբնաւորութեան ներկաները դիտեցին արուեստագէտ Ֆլորա Մարտիրոսեանին արժէքը ներկայացնող տեսերիզ մը, որմէ ետք հանդիսութեան բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Վարդան Մկրտիչեան, որ նշեց, թէ Մարտիրոսեան իր երգերով մեծ տեղ գրաւած է հայերու սրտերուն մէջ:

Ան ըսաւ, որ Ֆլորա Մարտիրոսեան բեմին վրայ ունէր տիրական ներկայութիւն, որ իր ամբողջական դրոշմը կը ձգէր ներկաներուն հոգիներուն մէջ:

Ապա հանդիսութեան երգերով իրենց մասնակցութիւնը բերին «Երգ երգոց»-ի մասնակիցներ Ալիս Իփրաճեան, Լուսին Տեմիրճեան, Գոհար Յակոբեան, Վարանդա Եագուպեան, Հայկանա Մուրատեան եւ Դալար Սիմոնեան:

Յիշատակի ձեռնարկին հիւրաբար նաեւ ելոյթ ունեցան լիբանանահայ երգիչներ Շողիկ Թորոսեան, Մանուկ Մինասեան եւ Քարմեն Աճեմեան: Յայտնենք, որ երգերուն կ՛ընկերակցէր «Աղթամար» նուագախումբը:

«Երգ երգոց»-ի մասնակիցներն ու լիբանանահայ երգիչները Մարտիրոսեանի երգած երգերուն ընդմէջէն շուրջ երկու ժամուան ընթացքին կենդանացուցին հանգուցեալ արուեստագէտին յիշատակը, ստեղծեցին գեղարուեստական հաճելի ու որակաւոր մթնոլորտ եւ փոխանցեցին երթը շարունակելու յոյսեր:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )