ՀՅԴ-ԼԵՄ. Դաշնակցական Մամլոյ Երիտասարդ Տարրերու Պատրաստութեան Սեմինար

Կիրակի, 17 փետրուարի առաւօտեան ժամը 10:30¬էն 2:00 «Աբրահամ Աշճեան» երիտասարդական¬ուսանողական կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ դաշնակցական մամլոյ երիտասարդ տարրերու պատրաստութեան նուիրուած սեմինար, որուն մասնակցեցան  ԼԵՄ¬ի «Ռազմիկ» պաշտօնաթերթի խմբագրական կազմն ու աշխատակիցները, ինչպէս նաեւ տարբեր մասնաճիւղերէ ԼԵՄ¬ականներ:

Սեմինարին նպատակն էր 35 մասնակիցներուն փոխանցել այն տեղեկութիւններն ու գիտելիքները, որոնք անհրաժեշտ են ընդհանրապէս տպագիր մամուլին եւ յատկապէս դաշնակցական մամուլին անդաստանին մէջ ներկայութիւն ըլլալու եւ թէկուզ սկսնակի դերակատարութիւն ունենալու:

Առաջին դասախօսն էր Վիգէն Աւագեան, որ իր խօսքին սկիզբը անդրադարձաւ մամուլի դերակատարութեան կարեւորութեան` հաստատելով, որ անիկա միշտ ալ եղած է պայքարի հիմնական եւ մնայուն միջոցներէն մէկը: Ապա ան անդրադարձաւ «Ռազմիկ»¬ին` լուսարձակի տակ առնելով անոր դրական ու թերի կողմերը եւ նորանոր գաղափարներ ու առաջարկներ ներկայացուց ԼԵՄ¬ականներուն: Դասախօսը մանրամասնօրէն խօսեցաւ յօդուածագրութեան տարբեր տեսակներուն, թերթի ծրագրման, բաժանումներուն, հարցազրոյց կատարելու գաղտնիքներուն եւ օրէնքներուն, թղթածրար պատրաստելու սկզբունքներուն մասին: Իր խօսքի աւարտին ան հաստատեց, որ յօդուածագրութիւնը միայն զգացական մղումով կարելի չէ կատարել, այլեւ խելքի ու տրամաբանութեան արտայայտութիւն պէտք է ըլլայ յօդուած մը:

Երկրորդ նիւթը ներկայացուց Շահան Գանտահարեան, որ անդրադարձաւ դաշնակցական մամուլին կարեւորութեան, անոր գործելադաշտին մէջ առկայ սկզբունքներուն` յայտնելով, որ մամուլն ու երիտասարդութիւնը միշտ անմիջական կապ ունեցած են, որովհետեւ հոն տեղ գտած են երիտասարդութիւնը յուզող եւ զանոնք մտահոգող հարցեր: Դասախօսը ի մասնաւորի տպագիր մամուլին մասին խօսելով` հաստատեց, որ անիկա հանդիսացած է ու տակաւին կը շարունակէ ըլլալ գաղափարական հնոց, կազմաւորման հիմնական դպրոց: Շ. Գանտահարեան դիտել տուաւ, որ դաշնակցական մամուլին հիմնական գրաւականներէն է երիտասարդ դաշնակցական գործիչներու առկայութիւնն ու մասնակցութիւնը` հաստատելով, որ սխալ են այն մօտեցումները, թէ այսօր ընթերցանութեան նկատմամբ հետաքրքրութիւն չկայ, այլ հաւանաբար ընթերցողին հասնելու ձեւերը բազմացած են, եւ պէտք է անոնց հետ քայլ պահել: Իր խօսքի աւարտին դասախօսը շեշտեց «Ռազմիկ»¬ի միջոցով քննական մտածողութեան զարգացումն ու դաշնակցական գաղափարաբանութեան փոխանցումը:

Երրորդ դասախօսն էր Արշօ Պալեան, որ մանրամասնօրէն խօսեցաւ լուրի պատրաստութեան հանգրուաններուն, օրէնքներուն եւ հիմնական սկզբունքներուն մասին: Ան անդրադարձաւ արհեստավարժ լրատուութիւն կատարելու հանգրուաններուն` լուսարձակի տակ առնելով նաեւ այն պարագաները, երբ առարկայական մօտեցումը երբեմն իր տեղը կը զիջի ենթակայականին: Ա. Պալեան դիտել տուաւ, որ մերօրեայ դրութեամբ կարճ ու կուռ լուրերով ընթերցողը կարելի է գրաւել, համապատասխան խորագիրներով անոր ուշադրութիւնը գրաւել` նկատի ունենալով, որ արագութեան դարուն մէջ կ՛ապրինք:

Աւարտին տեղի ունեցաւ գործնական աշխատանք, որուն ընդմէջէն կարելի եղաւ ականատես ըլլալ սխալներուն, թերութիւններուն եւ թելադրանքներ փոխանցել սեմինարին մասնակիցներուն:

 

 

Share this Article
CATEGORIES