«Էօ. Էն. Պէ.» – ՀՄԸՄ Պէյրութ` 62-98

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի Ա. հանգրուանին իր կատարած մրցումին, որ տեղի ունեցաւ շաբաթ, 16 փետրուարին, ՀՄԸՄ Պէյրութ հիւրը եղաւ «Էօ. Էն. Պէ.»-ին:

Միշել Մըրի անուան համալիրին վրայ տեղի ունեցած այս մրցումին, ՀՄԸՄ Պէյրութի տղաքը 98-62 արդիւնքով պարտութեան մատնեցին իրենց մրցակիցը:

Մրցումին չորս քորթըրները ընթացան հետեւեալ ձեւով. 10-32, 15-23, 17-19 եւ 20-24:

ՀՄԸՄ-էն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Ռուտի Ֆարրաժ (34): 12 կէտ նշանակեց Մարիօ Ապպուտ, մինչ Ճօ Ղաթթաս նշանակեց 11 կէտ:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )