Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Պիլիվըրզ-ՀՄԸՄ Անթիլիաս` 17-86
Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի մրցումները սկսան նախորդ շաբաթավերջին, երբ տեղի ունեցան երկու ճակատումներ:
ՀՄԸՄ Անթիլիաս, որ մրցեցաւ Պիլիվըրզի դէմ, 86-17 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց:
Դարձի 2-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, ՀՄԸՄ Անթիլիաս կը հիւրընկալէ Ռիատի Պէյրութը շաբաթ, 23 փետրուարին, երեկոյեան ժամը 18:00-ին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ:
CATEGORIES Մարզական

