Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ատնան Մանսուր յայտնեց, որ նախարարութիւնը իմացած է, թէ Նիկերիոյ մէջ երկու լիբանանցիներ` Իմատ Անտարի եւ Քարլոս Ապու Ազիզ, առեւանգուած են: Ան աւելցուց, որ արտաքին գործոց նախարարութիւնը Նիկերիոյ մէջ Լիբանանի դեսպանատան հետ մնայուն կապի մէջ է` աւելցնելով, որ առեւանգուած լիբանանցիները ազատ արձակելու առումով դեսպանատունը անհրաժեշտ բանակցութիւնները կատարելու ընթացքին մէջ է:
ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը երէկ առաւօտեան ժամը 8:00-էն սկսեալ թռիչքներ գործեց հարաւային Լիբանանի վերեւ, ինչպէս նաեւ կեղծ յարձակումներ գործեց Նապաթիէի, Մերժահիունի, Իքլիմ Թուֆֆահի, Խիամի եւ Արքուպի վերեւ` ոտնձգութիւններ գործելով լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ եւ խախտելով ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւը:
ԱՄԱԼ շարժումի քաղաքական խորհուրդի նախագահ Ժամիլ Հայեք յայտնեց, որ Ամալ շարժումի ներկայացուցած ընտրական օրինագիծը համախոհական նպատակներով ներկայացուած է եւ կարելի չէ զայն խախտել կամ մասնակի համաձայնութիւններու ենթարկել:
ՄԱՐՈՆԻ ընդհանուր խորհուրդի նախագահ, նախկին նախարար Ուատիհ Խազեն յայտնեց, որ յառաջիկայ մարտին պիտի կազմուի նոր կառավարութիւն մը` աւելցնելով, որ Լիբանանի մէջ երեսփոխանական ընտրութիւնները անպայման պիտի կատարուին, բացի եթէ Լիբանանի դէմ իսրայէլեան պատերազմ մը սանձազերծուի կամ ապահովական ցնցիչ դէպք մը խանգարէ երկրին անդորրը:
ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարար Մարուան Շարպել յայտնեց, որ եթէ խորհրդարանը ընտրական խառն օրինագիծը որդեգրէ, ապա երեսփոխանական ընտրութիւնները անպայման պէտք է յետաձգուին: Ան աւելցուց, որ կառավարութիւնը կրցած է պետական պաշտօնեաներու եւ ուսուցիչներու աշխատավարձի յաւելումներուն ֆինանսաւորման միջոցները գտնել` առանց լիբանանցիներուն յաւելեալ տուրքեր պարտադրելու:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ Ռիատի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլիի հետ: Քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Եասին Ժապեր յայտնեց, որ եթէ ընտրական օրէնքի մը շուրջ կարելի չըլլայ համաձայնութիւն գոյացնել, ապա իրենք պիտի որդեգրեն Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրինագիծը:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Խտըր Հապիպ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ առկայ բոլոր հարցերուն պատճառը լիբանանեան զանազան շրջաններուն մէջ տարածուած զէնքն է:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ժիհատ Ազուր յայտնեց, որ Հըզպալլայի զէնքը քանդած է Լիբանանը` աւելցնելով, որ Լիբանանի դիմագրաւած հարցերուն լուծում կարելի է ապահովել այդ զէնքը լիբանանեան պետութեան վերադարձնելով:
ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ եւ առեւտուրի նախարար Նիքոլա Նահհաս շեշտեց, որ ներկայիս Լիբանանի դիմագրաւած հարցերը հետեւանք են նախապէս Թաէֆի համաձայնագիրէն բխած հաւասարակշռութիւններուն:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի մինչեւ օրս կը ստանայ ապահովական խորհուրդներ` Լիբանան չվերադառնալու:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատ հարց տուաւ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի, թէ լիբանանեան կարգ մը շրջաններուն մէջ Մուսթաքպալի կողմէ բաշխուող` սադրանքներ հրահրելու զէնքին դերակատարութիւնը ի՞նչ է: