Ելեկտրական Հոսանք Արտադրող Թրքական Նաւը Հասաւ Լիբանան
Ելեկտրական հոսանք արտադրող թրքական «Քարատենիզ Ֆաթմակիւլ Սուլթան» նաւը հասաւ լիբանանեան ջուրեր:
Թրքական նաւը պիտի հայթայթէ 205 մեկաուաթ ելեկտրականութիւն, սակայն Լիբանանը հարուածող փոթորիկին պատճառով, նաւը չկրցաւ խարիսխ նետել Զուքի ելեկտրականութեան ընկերութեան մօտ, ուր «Քարատենիզ» թրքական ընկերութեան կողմէ նախապատրաստական աշխատանքներ կատարուած էին:
Կը նախատեսուի, որ նաւը իր աշխատանքին սկսի յառաջիկայ քանի մը օրերուն:
Թրքական երկրորդ նաւը քանի մը ամիս ետք պիտի հասնի Ժիէի ելեկտրականութեան ընկերութեան մօտ եւ պիտի հայթայթէ 270 մեկաուաթ ելեկտրականութիւն:
CATEGORIES Լիբանանեան


