«Կ՛ուղղուինք Դէպի Խորհրդարան` Քուէարկելու Համար Ի Նպաստ Ուղղափառ Հանդիպումի Օրինագիծին» Շեշտեց Զօր. Աուն

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն հարցազրոյցի մը ընթացքին շեշտեց, որ իրենք կ՛ուղղուին դէպի խորհրդարանի միացեալ յանձնախումբերու նիստ` քուէարկելու ի նպաստ ընտրական օրինագիծերուն, որոնց մէջ մեծամասնութեան հաւանութեան արժանացած է Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրինագիծը:

Զօր. Աուն շեշտեց, որ քաղաքական որեւէ կողմ իրաւազրկող ընտրական օրինագիծի մը որդեգրումը կամ սահմանադրութեան թիւ 24-րդ յօդուածը չյարգող օրինագիծ մը հակասահմանադրական կը նկատուի: Այս առումով ան հարց տուաւ, թէ արդեօք լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը կը տապալի՞, եթէ քրիստոնեայ համայնքը 64 երեսփոխան ստանայ:

«Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրինագիծը տարբեր համայնքներուն միջեւ արդարութիւն կը պարտադրէ եւ անիկա բոլոր քուէները կ՛արժեւորէ: Ներկայիս կան քրիստոնեայ համայնքին պատկանող 460 հազար քուէներ, որոնք լուսանցքայնացած են: Հետեւաբար, մենք պիտի քուէարկենք ի նպաստ Ուղղափառ հանդիպումին մշակած օրինագիծին», հաստատեց զօր. Աուն:

Ան աւելցուց, որ Ուղղափառ հանդիպումին օրինագիծը ճշգրիտ ներկայացուցչութիւն կ՛ապահովէ` յայտնելով, որ ճշգրիտ ներկայացուցչութեամբ կարելի կ՛ըլլայ ապահովել Լիբանանի ժողովրդավարութիւնն ու ազգային համերաշխութիւնը:

Զօր. Աուն ընդգծեց, որ պայման չէ երեսփոխանական ընտրութիւնները յետաձգել` յայտնելով միաժամանակ, որ կառավարութիւնը օրինական ձեւով կրնայ շարունակել երկրին իշխանութիւնը` խորհրդարանին մէջ ստեղծուելիք դատարկութեան պարագային: Ան ամօթալի նկատեց այն յայտարարութիւնները, թէ լիբանանցիները չեն կրնար համախոհութեան յանգիլ առանց արտաքին հովանաւորութեան:

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին Սուրիա կատարած այցելութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` զօր. Աուն յայտնեց, որ այդ այցելութիւնը քաղաքական բնոյթ չունէր, այլ` անոր պատճառը յոյն ուղղափառ համայնքի Անտիոքի եւ համայն Արեւելքի պատրիարքին օծումն էր, եւ այդ արարողութեան Ռայի պատրիարքին մասնակցութիւնը կը մարմնաւորէ միասնականութիւն մը եւ համախոհութիւն մը, որ քրիստոնեայ բոլոր համայնքներուն ի նպաստ է:

Զօր. Աուն շեշտեց նաեւ, որ կառավարութիւնը իր քաղաքական ամբողջական հովանաւորութիւնը պէտք է շնորհէ լիբանանեան բանակին, որպէսզի ան կարենայ ամբողջական կերպով երաշխաւորել երկրին ապահովական կայունութիւնը: Այս առումով ան հարց տուաւ, թէ ո՞վ է Արսալի մէջ զինեալները հովանաւորողը, եւ նոյն հարցումին պատասխանեց ըսելով, որ անիկա Մուսթաքպալ հոսանքն է, որ զինեալներն ու կռուողները կ՛ուղղէ դէպի Սուրիա:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )