Թուրքիոյ Հանրապետական Ժողովուրդի Կուսակցութիւնը Հայկական Եկեղեցւոյ Մօտ Ցոյց Կազմակերպած Է` Ընդդէմ Կիներուն Դէմ Բռնութիւններու

Թրքական «Սոնտաքիքա» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան ներկայացուցիչները հայկական եկեղեցւոյ մօտ պարած են` այդ ձեւով իրենց բողոքը արտայայտելով ընդդէմ կիներու դէմ բռնութիւններու:

Ցոյցը տեղի ունեցած է Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մօտ: Ցոյցին մասնակիցները յայտնած են, որ վայրի ընտրութիւնը պայմանաւորուած եղած է վերջին երկու ամիսներուն ընթացքին տարեց հայ կիներու դէմ Սամաթիա թաղամասին մէջ գործադրուած բռնարարքներով, որոնք ազգային հիմք ունեցած են:

Ցուցարարները «Մի՛ լռեր, պարէ՛», «Ո՛չ կիներուն դէմ բռնութիւններուն», «Վե՛րջ կիներուն դէմ բռնութեան» կարգախօսները կրող պաստառներ պարզած են, ապա շուրջպար բռնած եւ յոյներու աւանդական շուրջպարերէն մէկը պարած:

«Այս նախաձեռնութեան նպատակը կիներուն դէմ բռնութեան սխալ ըլլալը ցոյց տալն է: Ինչո՞ւ այսօր հաւաքուած ենք Սամաթիոյ մէջ: Անցնող օրերուն ընթացքին այստեղ տարեց կիներուն դէմ գործադրուեցան բռնութիւններ, որոնցմէ մէկը մահով աւարտեցաւ: Այդ պատճառով մենք հաւաքուած ենք Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մօտ, որ աջակցինք մեր համերկրացիներուն», ըսած է մեծագոյն ընդդիմադիր կուսակցութեան Պոլսոյ տարածքային կառոյցի ղեկավար Սալըճը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )