Ամերիկայի Հայ Դատի Մարմինը Քերրիին Կոչ Կ՛ուղղէ Մինչեւ Ապրիլ 24 Հանդիպում Ունենալու Ամերիկահայ Համայնքի Ներկայացուցիչներուն Հետ
Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը Միացեալ Նահանգներու նոր նշանակուած արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրիին կոչ ուղղած է մինչեւ ապրիլ 24 հանդիպում ունենալու ամերիկահայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ եւ քննարկելու հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններուն, սուրիահայերուն, Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին առնչուող հարցեր:
«Ասպարէզ» կը հաղորդէ, որ յանձնախումբի նախագահ Քեն Խաչիկեան Քերրիին յղած իր նամակին մէջ շնորհաւորած է անոր արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնին նշանակումը` նշելով, որ իրենք շատ ուրախ են, որ «Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը պիտի ղեկավարէ մարդ մը, որ ծանօթ է հայ համայնքի քաղաքականութեան, սկզբունքներուն եւ առաջնահերթութիւններուն»:
Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահը ընդգծած է, որ իրենք կ՛ակնկալեն շարունակել Քերրիի հետ համագործակցութիւնը այն հարցերուն շուրջ, զորս արտաքին գործոց նախարարը բարձրացուցած է Ծերակոյտին մէջ աշխատելու տարիներուն (ամրապնդել հայ-ամերիկեան յարաբերութիւնները, ապահովել Լեռնային Ղարաբաղի անվտանգութիւնը, պաշտպանել Սուրիոյ մէջ բնակող հայերը եւ միւս քրիստոնեաները, վերջ տալ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման դէմ ուղղուած Թուրքիոյ քարոզարշաւին):
«…Ամերիկահայերուն հետ ձեր յարաբերութիւնները միշտ բնութագրուած են բաց երկխօսութեամբ, ուստի մենք կոչ կ՛ուղղենք մինչեւ ապրիլ 24` Հայոց ցեղասպանութեան տարելիցի օրը, հանդիպում ունենալու հայ համայնքի ղեկավարներուն հետ», կը նշուի նամակին մէջ:
Միացեալ Նահանգներու ծերակոյտը Մասաչուսեց նահանգի ծերակուտական, դեմոկրատական Ճոն Քերրիի Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնին թեկնածութիւնը հաստատեց յունուարի վերջաւորութեան: