ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ ԱՐԱԲԻՈՅ ՄԷՋ ՀԱՆՐԱՀԱՒԱՔՆԵՐԸ Կ՛ԱՐԳԻԼՈՒԻՆ
ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Սէուտական Արաբիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը արգիլած է երկրի տարածքին հանրահաւաքներու կայացումը:
Սէուտական Արաբիոյ պատկերասփիւռի կայանին ճամբով հաղորդուած է, որ զանգուածային ընդդիմադիր հաւաքները, անկախ իրենց ձեւէն, կը հակասեն իսլամական օրէնքին եւ սէուտական հասարակութեան աւանդութիւններուն, որոնց պատճառով իշխանութիւնները զանոնք կը ցրուեն:
Ներքին գործոց նախարարութիւնը շեշտած է, որ ոստիկանութիւնը ապօրինի հաւաքները կանխարգիլելու համար իրաւունք ունի որեւէ միջոց օգտագործելու: Նախարարութիւնը իր յայտարարութեամբ կը հակազդէ 11 մարտին հանրահաւաք կատարելու մասին Սէուտական Արաբիոյ բնակիչներուն մէջ շրջան ընող կոչերուն:
Սէուտական Արաբիոյ վարչակարգին դէմ առաջին զանգուածային բողոքի ցոյցերը տեղի ունեցան 4 մարտին` երկրին արեւելեան մասին մէջ, ուր շիի բնակչութիւն գոյութիւն ունի: Շիիներու երկու հաւաքներուն մասնակցած են շուրջ երկու հարիւր մարդիկ: Ցուցարարները պահանջած են բանտերէն ազատ արձակել շիի հոգեւորականները: