ԴԷՊԻ ԹՐԻՓՈԼԻ ՅԱՌԱՋԱՑՈՂ ԸՄԲՈՍՏՆԵՐՈՒՆ ԵՒ ՔԱԶԶԱՖԻԻ ՀԱՄԱԿԻՐ ՈՒԺԵՐՈՒՆ ՄԻՋԵՒ ԲՈՒՌՆ ԲԱԽՈՒՄՆԵՐ

Ծանր հրետանիի օգտագործում` բախումներուն ընթացքին

Մինչ Քազզաֆիի հաւատարիմ ուժերու պատերազմական ուղղաթիռներ կրակ բացին դէպի մայրաքաղաք յառաջացող ըմբոստներու ուժի մը վրայ, Քազզաֆիի հաւատարիմ ուժերը բուռն բախումներ ունեցան այդ ուժերուն հետ:

Ընդդիմադիր ուժերը Արեւելեան Լիպիայէն դուրս գալով` անցեալ շաբաթ սկսան յառաջանալ դէպի Թրիփոլի, իրենց ճամբուն վրայ գրաւելով քարիւղի արտադրութեան կարեւոր կեդրոններ եղող Պրիքա եւ Ռաս Լանուֆ քաղաքները, իսկ երէկ դէպի արեւմուտք առաւել եւս յառաջանալով բախում ունեցան Քազզաֆիի հաւատարիմ ուժերուն հետ: Թոպրուք քաղաքը կը գտնուի ըմբոստներու վերահսկողութեան տակ:

Քազզաֆիի հաւատարիմ ուժերը կիրակի օր ռմբակոծեցին Ռաս Լանուֆ քաղաքը եւ վերատիրացան Պըն Ժաուատ քաղաքին, որ կը գտնուի Քազզաֆիի ծննդավայր եւ ամրոց Սըրթէն 160 քիլոմեթր դէպի արեւելք: Սըրթի ճակատամարտը կրնայ վճռորոշ ըլլալ: Ըստ կարգ մը աղբիւրներու, ըմբոստներու շարքին արձանագրուած է չորս զոհ, իսկ Քազզաֆիի հաւատարիմ ուժերու շարքին` 5 զոհ: Ֆրանսական «Ֆրանս 24» պատկերասփիւռի կայանի լրագրող մը վիրաւորուած է:

Բրիտանիոյ պաշտպանութեան նախարարը երէկ յայտարարեց, որ «բրիտանական դիւանագիտական փոքր խմբակ մը» կը գտնուի արեւելեան Լիպիա` ըմբոստներուն հետ զրոյցներ ունենալու համար: Սակայն ան չմեկնաբանեց այն լուրերը, թէ բրիտանական մասնայատուկ ուժեր գերի բռնուած են, երբ դիւանագէտները ըմբոստներուն հետ կապի մէջ մտցնելու փորձ մը ձախողած է: Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուիլիըմ Հէյկ Քազզաֆիին կոչ ուղղեց իշխանութիւնը յանձնելու եւ «անմիջապէս վերջ դնելու» լիպիացիներուն դէմ զինեալ ուժերու օգտագործման:

Մինչ այդ, Թրիփոլիի Պապել Ազիզիա զօրանոցի շրջանին մէջ երկու ժամ տեւողութեամբ հրացանաձգութեան ձայներ լսուեցան:

Share this Article
CATEGORIES
TAGS