ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ
«ԱՆՊԱ» օրաթերթին համաձայն, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի կոկիկ պատասխան մը կը պատրաստէ ուղղելու համար նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի, նոյնիսկ եթէ այդ պատասխանը պատճառ դառնայ երկու ղեկավարներուն միջեւ յարաբերութիւններուն խզումին:
«ՏԻԱՐ» օրաթերթը` իր տեղեկութիւնները քաղելով միջազգային դիւանագէտներէն եւ պատասխանատուներէն, նկատել տուաւ, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին կողմէ տրուած թիւ 1701 բանաձեւը ամերիկեան սխալ մը եղած է, որովհետեւ Դիմադրութեան ուժը բազմապատկուած է:
ՊԱԱՍ կուսակցութեան նախագահ Ֆայեզ Շքըր կոչ ուղղեց կազմելու ազգային միասնականութեան կառավարութիւն մը, որուն նպատակը ըլլայ աշխատիլ բոլոր լիբանանցիներուն ի խնդիր:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Աթեֆ Մաժտալանի յայտնեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի դերակատարութիւնն է հանրապետութեան նախագահը ենթարկել Հըզպալլայի որոշումին:
ԸՍՏ «Տիար» օրաթերթին, ընդհանուր դատախազ Սայիտ Միրզա հանգիստ է իր աշխատանքով եւ այս իմաստով ոչ մէկ ապօրինութիւն արձանագրուած է ընդհանուր դատախազութեան կողմէ հետապնդուած բոլոր թղթածրարներուն առումով:
ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ «Ուաթան» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի կազմելիք կառավարութեան ծնունդը պիտի յայտարարուի մարտի աւարտին, իսկ Մուսթաքպալ հոսանքը կառավարութեան կազմութեան աշխատանքը կը խոչընդոտէ` Միջազգային դատական ատեանին գործունէութեամբ:
ՊԷՅՐՈՒԹԻ մարոնի համայնքի առաջնորդ Պուլոս Մաթար եպիսկոպոս յայտնեց, որ մարոնիներու Նասրալլա Սֆէյր պատրիարքը կրնայ անձնական որոշ համոզումներ եւ տեսակէտներ ունենալ, սակայն ան քաղաքական ոչ մէկ կողմի կը պատկանի:
ԼԵՌՆԱԼԻԲԱՆԱՆԻ միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ալի Ժուզու հարց տուաւ, թէ ի՞նչ Դիմադրութիւն է այն, որ համայնքային ծայրայեղութեան վրայ հիմնուած է եւ ժողովուրդներն ու անոնց ղեկավարները կը սպաննէ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼԻ պատասխանատուներէն Մուսթաֆա Ալլուշ յայտնեց, որ իրենք ժողովրդավարական փոփոխութեան դէմ չեն, այլ` սեւազգեստ անհատներ տարածելու նախաձեռնութեան:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Հարիրի Հըզպալլային յայտնեց, որ իրենք անոր հրթիռներէն չեն վախնար եւ անոնց պիտի դիմադրեն իրենց միացեալ կեցուածքներով:
ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց նախարարութիւնը կը շարունակէ իր ջանքերը` Լիպիոյ մէջ գտնուող լիբանանցի քաղաքացիները Լիբանան փոխադրելու առումով:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ կոչ ուղղեց մասնակցելու Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն կազմակերպելիք ցոյցին` աւելցնելով, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնն է, որ դիմադրութեան գաղափարը տարածած է Լիբանանի մէջ:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սելիմ Հըս յայտնեց, որ քաղաքական համայնքայնութեան ջնջումը ազգային հարցերուն մէջ առաջնահերթ տեղ պէտք է գրաւէ:
«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Սուրիա անհանգիստ է Հարիրի – Ժահժահ դաշինքէն:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթ. «2010-ի աւարտին, Լիբանանի պետական գանձարկղին նիւթական բացը հասած է 52,6 միլիառ տոլարի»:
ՎԱՐՉԱՊԵՏ Նեժիպ Միքաթիի մօտիկ աղբիւրներ յայտնեցին, որ նախորդ երկու օրերուն ընթացքին կառավարութեան կազմութեան խորհրդակցութիւնները շրջանցած են կարեւոր հանգրուան մը:
ԱՆՊԱՇՏՕՆ աղբիւրներու համաձայն, Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն կողմէ քաղաքական կեցուածքներու փաստաթուղթ մը պիտի հրապարակուի յառաջիկայ հինգշաբթի օր: