Ի՞նչ Կը Մտածէ Միւս Թուրքը. Հայ Որբերը 1915-էն Մինչեւ 2007
Վեց տարի եղաւ սիրելի Հրանդին դէպի յաւիտենականութիւն հրաժեշտ առնելը. ցաւով, զայրոյթով, կարօտով եւ անձկութեամբ անցած վեց երկար տարիներ… Հրանդ Տինքը միմիայն սիրելի ամուսին մը, լաւ հայր մը, «Ակօս»-ին ամէն բանը, ձախ հակումով ժողովրդավար լրագրող մը եւ զօրաւոր բանախօս ու գրող մը չէր: Ան Ազգային անվտանգութեան փաստաթուղթերուն մէջ ներկայացուած էր իբրեւ «հաւանական ներքին թշնամի», վերադատ ատեանին կողմէ` իբրեւ «օտար հայրենակից», հասարակութեան տարբեր խաւերուն կողմէ` իբրեւ «մեր ծոցը գտնուող թշնամի», իսկ համայնքին յանդուգն, խելացի, զգայուն, խանդավառ, վայելուչ եւ անուանի զաւակն էր ան: Արդարեւ, իր վերջին գրութեան մէջ հետեւեալը գրած էր. «Ամէն անգամուն քիչ մը աւելի նշանաւոր կը դառնամ իբրեւ «թուրքի թշնամի». դժբախտաբար հիմա, անցեալի նկատմամբ, աւելի՛ հանրաճանաչ եմ. «Ա՜, նայէ, ասիկա ա՛յդ հայը չէ՞» ըսող նայուածքները աւելի՛ շատ կը նկատեմ»: Սակայն չէինք բաւականացած զինք միայն իբրեւ «դաւաճան հայ» որակելով, այլ պետութեան ամբողջ կառուցուածքային համակարգին ներդաշնակ` զինք ներկայացուցած էինք իբրեւ «Եւրոմիութեան ծառայ», «քարոզիչի զաւակ» եւ «Սորոսի զաւակ»: Մինչդեռ անոր անշունչ մարմինը փռուած մայթի երկայնքին, փշաքաղիչ այդ ծակ կօշիկը, իրականութեան մէջ մեզի յիշեցուցած էին տխուր «որբանոցի զաւակ» մը ըլլալու իրականութիւնը:
Այո՛, Հրանդ 8 տարեկանին մտած էր Թուզլայի որբանոցը եւ հոն անցուցած` 20 տարի. հոն ծանօթացած էր «կեանքիս բախտատոմսը» անուանած կնոջը` Ռաքելին. հոն ամուսնացած եւ ունեցած էին իրենց զաւակները: Այս պատճառով պետութեան աղտոտ ձեռքերուն կողմէ տեւական անձկութեան դատապարտուած Հրանդ Տինք իր կեանքին վերջին օրերը կ՛անցընէր «աղաւնիի մը ահուդողին» մէջ. երբ կ՛ոգեկոչեմ իր յիշատակը սիրով ու յարգանքով, կ՛ըմբոստանամ զայրոյթով եւ ընդվզումով ոճիրը ծրագրողներուն տակաւին չբացայայտուելուն համար. միեւնոյն ժամանակ պարտք կը զգամ յարգելու յիշատակը այն տասնեակ հազարաւոր որբերուն, որոնք այս երկրի դաժան խիղճով մարդոց կողմէ խլուեցան իրենց ընտանիքներէն եւ ենթարկուեցան բազում ցաւերու եւ զրկանքներու:
Հալիտէ Էտիփ Եւ Այնթուրա
Մայիս 26, 1915-ին հեռագիր մը յղուած էր վարչապետարան` ներքին գործոց նախարարութեան կողմէ, որուն մէջ կը թելադրուէր Հայկական հարցին հիմնական «լուծումը եւ ամբողջական յաշուեյարդարը», այսպիսով սկիզբ կ՛առնէր «հայոց տարագրութիւնը» (ի՛մ բացատրութեամբ` «Հայոց ցեղասպանութիւնը), որուն ընթացքին, նոյնիսկ պաշտօնական թեզը պաշտպանող պատմաբան Քեամուրան Կիւրիւնի տուեալներով, 300 հազար հայեր կորսնցուցած էին իրենց կեանքերը. սակայն մեռնողները ձեւով մը «ազատած» էին, որովհետեւ ողջ մնացողներուն, մանաւանդ կիներուն եւ երեխաներուն շատ աւելի մեծ տառապանքներ կը սպասէին:
Օրինակ, 1915-ի ամառը, Ճեմալ փաշայի խնդրանքին ընդառաջելով, Սուրիա եւ Լիբանան ճամբորդած գրող եւ քաղաքական գործիչ` Հալիտէ Էտիփ Ատըվար Այնթուրայի որբանոցը գտնուող հազար հայ որբերու մասին հետեւեալ ձեւով պատմած էր իր բարեկամին` ելեւմտական նախարար Ճաւիթ Պէյին, «…. անապատներու մէջ խոտ ուտելով` իրենց փորերը ուռած էին. ոմանք իրենց մայրը, ոմանք իրենց հայրը, շատերն ալ իրենց զաւակը կորսնցնելէ ետք հասեր են հոս. աւելի ճիշդ` Ճեմալ փաշան բերել տուեր է (…) Դուրսը, քովս մօտեցաւ տասներկու տարեկան աղջնակ մը, մայրը` անօթութենէն մեռած, հայրը` իր աչքերուն առջեւ սպաննուած, ինծի ապաւինեցաւ. տխուր, խոշոր աչքերով շուրջս կը դառնայ, տեղի անտեղի ձեռքս կը համբուրէ եւ կու լայ: Պարտէզին մէջ կայ տարբեր ողբերգութիւն մը եւս. դժբախտ հայր մը, երբ իր աչքին առջեւ կը սպաննեն որդին, նոյն ակնթարթին կը կորսնցնէ լեզուն, չի գիտեր, թէ ո՛ւր նետած են միւս զաւակը եւ ընտանիքը. ոտքերը բոպիկ, աչքերը անձկութեամբ լեցուն, անդադար ձեռքի նշաններով ողբերգութիւնը կ՛աղաղակէ. երբեմն գիշերները, զաւակորոյս մօր մը պէս, գլուխը ձեռքերուն մէջ առած` ինքզինք կը ծեծէ… Օրուան մէջ հեծկլտալը կը լսեմ. կը փութամ պատուհանը. վարը` պարտէզին մէջ ձեռքերը կը շարժէ, տղուն սիրտը ծակած փամփուշտին սուլոցը կ՛ոռնայ երկինքին: Ասոնց նման հազարներով, հարիւրներով կան. որբանոցները լեցուն են կիսաքաղց եւ դժբախտ մանուկներով, որոնց կորսնցուցածը ո՛չ մէկ բան կրնայ փոխարինել աշխարհի մէջ»:
Թիւ 535 Շիւքրիւին Պատմութիւնը
Այս մանուկներէն մէկն էր 1904 թուականին Ֆընտըճաք ծնած Յարութիւն Ալպոյաճեան, որ տարիներ ետք ազգագրագէտ` Վերժինէ Սւազլեանին հետեւեալը պատմած էր Այնթուրայի մասին. «Հայրս ու մայրս սպաննելէ ետք, զիս եւ ինծի նման անչափահաս մանուկները հաւաքելով` ղրկեցին Ճեմալ փաշային թուրքերու որբանոցը. իմ մականունս 535 էր, իսկ անունս` Շիւքրիւ: Հայ ընկերս Էնվեր կոչուեցաւ. մեզ թլփատեցին: Թրքերէն չգիտցող երեխաներուն թիւը մեծ էր, որպէսզի չհասկցուէր իրենց հայ ըլլալը, շաբաթներով չխօսեցան: Չաւուշները եթէ իմանային, զիրենք ֆալախայի պառկեցնելով` 20-30-50 հարուած կու տային եւ կամ կը ստիպէին, որ ժամերով արեւուն նային: Ստիպուած էինք աղօթելու եւ երեք անգամ կրկնելու` «Թագաւորը շատ ապրի» նախադասութիւնը: «Մեզի ճերմակ էնթարի եւ սեւ ճիւփփէ (թրքական հագուստ) կը հագցնէին: Մէկ տնօրէն եւ քանի մը կին ուսուցիչներ ունէինք: Ճեմալ փաշան հրահանգած էր, որ մեզի լաւ խնամք տարուի, որովհետեւ ան բարձր կը գնահատէր հայ մանուկներուն մտային կարողութիւններն ու ձիրքերը եւ կը հաւատար, որ պատերազմէն յաղթական դուրս գալու պարագային, մենք` թրքացած հայ երեխաներս, պիտի նպաստէինք իր ժողովուրդի զարգացման եւ թիկունք կանգնէինք իրեն….»:
Թալէաթ Փաշային Տետրակը
Հալիտէ հանըմին եւ Ճեմալ փաշային պարտականութիւնները Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ վերջ գտան 1917-ին, սակայն հայ որբերուն տառապանքը չվերջացաւ: Հայոց ցեղասպանութեան ճարտարապետ Թալէաթ փաշային սեւ կողքով օրատետրին մէջ հայ որբերուն թիւը ներկայացուած էր իբրեւ 10,269, որոնց 6,768-ն որբանոցներ ղրկուած էին, իսկ 3,501-ը` թուրք ընտանիքներու մօտ: Իսկ վարչապետարանի արխիւը լեցուն է տասնեակ փաստաթուղթերով, որոնց մէջ պատմուած են, թէ ինչպէ՛ս մանչ եւ աղջիկ երեխաներ իրենց ընտանիքներէն առնուելով` բաժնուած են իսլամ գիւղերու մէջ, ուր հայեր չեն եղած, եւ զանոնք ամուսնացուցած են իսլամներու հետ, եւ կամ որբանոցներ ղրկուելով` իսլամական բարքերով մեծցուցած:
Պատերազմի վերջին տարին, Պոլսոյ մէջ գտնուող որբանոցները անբաւարար գտնուելուն, պետութիւնը բռնագրաւեց օտարներու պատկանող շէնքեր, ինչպէս` Էլմատաղի Նոթրը տամ տը Սիոնը, Ետիգուլէի իտալական դպրոցը, Կալաթայի ռուսական վանքը եւ Գատըգիւղի Սեն Ժոզեֆ դպրոցը եւ զանոնք վերածեց որբանոցներու. սակայն զանոնք կառավարելու իրենց ապիկարութեան պատճառով որբանոցները շուտով վերածուեցան անօրէնութեան եւ զրկանքի բոյներու:
Աւելի՛ն. իրենց փոքր տարիքին մեծ ողբերգութիւններու ենթարկուած այս ձագուկները կտոր մը հացի համար աշխատանքի մղուեցան արդիւնաբերական եւ երկրագործական մարզերու մէջ, ինչպէս նաեւ տուներու մէջ` իբրեւ ծառայ: Նոյնիսկ Էնվեր փաշայի Քիւչիւքչեքմեճէ գտնուող ագարակը 50 հայ որբ ղրկուած էր. նոյնպէս հայ աղջիկ եւ մանչ որբեր կային Տիգրանակերտի նախկին կուսակալ տոքթ. Ռեշիտ Պէյի եւ Էնվեր փաշայի հօրեղբայր` Հալիլ փաշայի տուներուն մէջ: Օտար պատուիրակութիւններու ներկայութեան շնորհիւ` տեղահանութենէն փրկուած պոլսահայ համայնքը խստիւ կը քննադատէր այսպիսի կիրարկումները եւ կը պնդէր, թէ իթթիհատականները կը շարունակեն կրօնափոխութիւն պարտադրելով` թրքացնել հայ մանուկները:
Զինադադարէն Ետք
1918 թուականի հոկտեմբեր 30-ին ստորագրուած Մուտրոսի զինադադարէն երկու օր ետք Էնվեր, Թալէաթ եւ Ճեմալ փաշաները փախան երկրէն. Պոլսոյ ղեկավարումը ստանձնած դաշնակից պետութիւններու առաջին գործերէն մէկը պիտի ըլլար որբերու հարցը: Յատկապէս ամերիկացի պատասխանատուներ քննութեան առարկայ դարձուցին ցուցակները ա՛յն մանուկներուն, որոնք ուղարկուած էին երկրին տարբեր անկիւնները` իբրեւ ծառայ կամ աժան աշխատուժ, եւ ճշդել իբրեւ «իսլամ» արձանագրուած եւ թուրք-իսլամ ընտանիքներուն բաժնուած մանուկները:
Կայսրութեան տարբեր շրջաններէն անտէր երեխաներու հոսք մը սկսաւ դէպի Պոլիս, այս միջոցին թուրք-իսլամ եւ հայ կողմերը սկսան պնդել, թէ այս մանուկները իրենց կը պատկանէին: Փոքրիկներուն խօսած լեզուն եւ իրենց անունները բնորոշիչ չէին, որովհետեւ փոքր տարիքէն իրենց ընտանիքներէն բաժնուելու ստիպուած մանուկները մոռցած էին արդէն իրենց մայրենի լեզուն, իսկ անունները ինքնութիւն թաքցնելու նպատակով ուրիշներու կողմէ տրուած էին: Կարգ մը երեխաներ, հակառակ որ տեղեակ էին իրենց արմատներուն, կը նախընտրէին անձայն մնալ` իբրեւ նախազգուշութիւն նախապէս ապրած իրենց դառն փորձութիւններուն պատճառով: Տարիքով քիչ մը մեծ մանչերուն ինքնութիւնը ճշդելը որոշ չափով դիւրին էր` թլփատումի պարագան նկատի ունենալով, սակայն աղջիկներուն եւ շատ փոքրերուն պարագային այս մեթոտը գործի չէր ծառայեր:
Իրենց փոքր տարիքէն ինչ-ինչ փորձութիւններ ապրած այս մանուկներուն համար աւելի նախընտրելի էր կանոնաւոր, ապահով եւ տաքուկ ընտանեկան բոյն մը ունենալ, քան թէ հասակ առնել իբրեւ թուրք-իսլամ եւ կամ հայ-քրիստոնեայ: Ո՛չ ոք հարցուցած էր, թէ ի՛նչ էր իրենց ուզածը, վերջին աստիճան մակերեսային մեթոտներով եղած դասաւորման իբրեւ հետեւանք, բարելաւելու սահմանուած ճակատագրերը աւելի բարդացած էին:
Չէզոք Տան Ստեղծումը
1919-ի ապրիլին, երբ գագաթնակէտին հասած էր թուրք եւ հայ կողմերուն միջեւ զիրար մեղադրելը իրենց համայնքներուն պատկանող որբերը «գողնալու», «փախցնելու» եւ «ձուլելու» համար, դաշնակից պետութիւնները որոշեցին Պոլսոյ մէջ ստեղծել չէզոք կեդրոն մը, անգլիական ուժերու հսկողութեամբ: Մէկական որբանոց պահելով Էտիրնէի, Պուրսայի, Գոնիայի եւ Քըրքլարելիի մէջ, մնացեալներուն մէջ գտնուող որբերը սկսան տեղափոխել Պոլիս: Թուրք մանուկները պիտի յանձնուէին օսմանեան ապահովութեան տնօրէնութեան, իսկ հայերը` հայոց պատրիարքարան: Մինչեւ որ որբերը տեղաբաշխուէին, տուն մը վարձուեցաւ Նիշանթաշի մէջ եւ գործերը ղեկավարելու համար եռանդամ յանձնախումբ մը նշանակուեցաւ` բաղկացած ամերիկացիէ, թուրքէ եւ հայէ: Ժողովուրդին մօտ իբրեւ «չէզոք կողմ» ճանչցուած այս տան մէջ պաշտօն ունէին նաեւ իսլամ եւ հայ 2 խոհարար, ինչպէս նաեւ` հայ ծառայ մը եւ թուրք դռնապան մը: Մայիս ամսուան մէջ դաշնակից ուժերու ոստիկանական բաժանմունքը արդէն սկսած էր վերոյիշեալ մանուկները հաւաքելով` Պոլիս բերել. սակայն բողոքները եւ կողմերուն միջեւ երեխաներուն քաշքռտուքը չէր վերջացած:
Բողոքները որոշ չափով մեղմացած էին 1920 թուականի ապրիլէն մինչեւ 1921 հոկտեմբերը. այս միջոցին Պոլսոյ մէջ ուսումնասիրութիւններ կատարող ամերիկեան «Փաթֆայնտըր» ընկերութեան զեկոյցին համաձայն, որբանոցներուն մէջ կը գտնուէին 3827 հայ, 2798 թուրք, 1548 յոյն, 279 հրեայ եւ 280 ռուս որբեր. ասոր կողքին, կաթողիկէ եկեղեցւոյ որբանոցին մէջ կային 171 որբեր, որոնց մեծամասնութիւնը հայ էր: Թէ երկրին տարբեր շրջաններուն մէջ որքա՞ն որբեր կային, հաւաստի տեղեկութիւն կը պակսէր անոնց մասին:
1920-էն սկսեալ մարդասիրական օտար կազմակերպութիւններ սկսան հայ որբերը արտասահման փոխադրել: Նախ 3 հազար որբեր Կիպրոս տարուեցան, սակայն 1921-ին Պոլիս վերադարձուեցան: 1921-1922 թուականներուն Մարաշէն, Այնթապէն, Մալաթիայէն եւ Խարբերդէն աւելի քան 12,000 երեխայ Սուրիա փոխադրուեցաւ: 1922-ի նոյեմբեր-դեկտեմբեր ամիսներուն 15,600 երեխայ փոխադրուեցաւ Յունաստան. հետագային անոնք տեղափոխուեցան տարբեր երկիրներ:
Թուրքիոյ արխիւներուն լրիւ չբացուելուն պատճառով մեզի համար անյայտ է, թէ որքա՛ն եղած է մնացեալ որբերուն թիւը: Սակայն հայոց պատրիարքարանին կողմէ 1921-ի սկիզբները պատրաստուած ցուցակի մը համաձայն, երկրի տարբեր շրջաններուն մէջ կային 63 հազար «չփրկուած» հայ որբեր: Եթէ այս թիւէն պակսեցնենք օտար կազմակերպութիւններու կողմէ արտասահման փոխադրուածները, կրնանք ենթադրել, որ առնուազն 30 հազար որբեր մնացած էին Թուրքիոյ մէջ: Եթէ կ՛ուզէք գաղափար մը ունենալ, թէ ինչե՜ր ապրած են այս երեխաները հանրապետութեան ամբողջ ժամանակաշրջանին, կրնաք կարդալ Ֆեթհիյէ Չեթինի «Մեծ մայրիկս» եւ Իրֆան Փալալըի «Տեղահանութեան զաւակները – մեծ մայրս հայ է եղեր» երկերը, անշուշտ եթէ ձեր սիրտը դիմանայ…
Քեազըմ Քարապեքիրի Կայտառներու Բանակը
Արդարեւ, երբ Քեազըմ Քարապեքիր ազգային պայքարի տեւողութեան ընթացքին ընդհանուր հրամանատարն էր արեւելեան ռազմաճակատին, տեղեկացուցած էր, որ իր պաշտօնավարած շրջանին մէջ կային մօտ 50 հազարի մօտ երեխայ, որոնք կարիքը ունէին հոգածութեան: Փաշան Կարինի շրջանէն 2 հազարը աղջիկ, 4 հազարը մանչ, ընդհանուր 6 հազար որբեր հաւաքած էր փողոցներէն եւ կամ անոնց ազգականներուն քովէն, որոնք անկարող էին խնամելու զանոնք. մանչերու կէսին հետ կազմած էր «կայտառներու բանակ» (եւ կամ` Կարինի մանուկներու բանակ): Այս մանուկներուն տրուած էր զինուորական կրթութիւն, ներառեալ` դահոյկով սահիլ, մնացեալներուն արհեստներ սորվեցուցած էին Կարինի կայտառներու արհեստանոցին մէջ, որոնք բանակին համար զինուորական կօշիկ եւ վերարկու կարած էին: Սակայն փաշային հպարտարքին ամենամեծ շարժառիթը այս մանուկներուն թրքական գիտակցութիւն տրուած ըլլալն էր:
Քարապեքիրի պաշտպանութեան տակ առնուած անտէր մանչերուն մէջ կը գտնուէին նաեւ հայ որբեր: Այս մանուկներէն ընդունակները Քարապեքիրի կողմէ ներկայացուած էին իբրեւ թուրք ընտանիքներէ եկած որբեր եւ տեղաւորուած` Պուրսայի եւ Սարըղամըշի զինուորական դպրոցները, իսկ մնացեալները մասնագիտանալով զանազան արհեստներու մէջ` նետուած էին կեանքի ասպարէզ:
«Ռատիքալ»
20-1-13
Հայացուց` Գ. Կ.

