Տաւութօղլու Թուրք Գործարարներուն Կոչ Կ՛ուղղէ Միջին Արեւելք – Հիւսիսային Ափրիկէ Շրջանին Մէջ Ներդրում Կատարելու

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու թուրք գործարարներուն կոչ ուղղեց Միջին Արեւելքի եւ հիւսիսային Ափրիկէի մէջ ներդրում կատարելու:

Թրքական Անկախ ճարտարարուեստական գործարանատէրերու եւ գործարարներու ընկերակցութեան Պոլսոյ խորհրդաժողովին ընթացքին իր արտասանած խօսքին ընթացքին ան ըսաւ, որ թուրք գործարարները պէտք է այդ շրջանները երթան եւ անոնց տնտեսական զարգացման աջակցին` աւելցնելով, որ «անհրաժեշտութեան պարագային ռիսքի դիմեցէք, սակայն զանոնք իրենց ճակատագիրին մի՛ ձգէք»:

Թուրքիոյ դիւանագիտութեան պետը յայտնեց, որ 2013-ը Միջին Արեւելքի եւ հիւսիսային Ափրիկէի մէջ ընտրութեան տարի պիտի ըլլայ` աւելցնելով, որ այդ շրջաններուն մէջ փոփոխութիւնը դիւրին չ՛ըլլար: Ան ըսաւ, որ Թուրքիոյ համար դիւրին չէ, Միջին Արեւելքի համար դիւրին պիտի չըլլայ: Տաւութօղլու նաեւ յայտնեց, որ Թուրքիա պիտի շարունակէ այդ հոլովոյթներուն ընթացքին այդ շրջաններու ժողովուրդներուն աջակցիլ:

Հերքելով այն պնդումը, թէ Թուրքիա եւ Եգիպտոս մրցակիցներ են, Տաւութօղլու ըսաւ, որ Թուրքիա ուս-ուսի պիտի կանգնի Եգիպտոսի, Սուրիոյ եւ Լիպիոյ հետ` մրցակից ըլլալու փոխարէն:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )