«Մենք Վստահ Ենք, Որ Կը Յաղթենք» Կ՛ըսէ Ասատ

Պաշշար Ասատ

Ռուսական «Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ լիբանանցի քաղաքական գործիչներու հետ հանդիպումի մը ընթացքին ըսած է. «Մենք վստահ ենք, որ կը յաղթենք, այդ ուղղութեամբ մեզ կը համոզէ երկրի քաղաքական եւ զինուորական իրավիճակի զարգացումը»:

«Ատիկա չի նշանակեր, որ ամէն ինչ որոշուած է: Մենք տակաւին շատ ընելիք ունինք թէ՛ քաղաքական առումով, թէ՛ ծայրայեղական խմբաւորումներու դէմ պատերազմի դաշտին մէջ», նշած է Ասատ:

Ըստ Ասատի, իրենք վստահ են, որ ապագան իրենց կը պատկանի: Անոնք, որոնք հաւատարիմ են ներկայ իշխանութիւններուն, «կը կազմեն սուրիացիներուն բացարձակ մեծամասնութիւնը»:

«Հակառակ պարագային, ինչպէ՞ս պիտի բացատրէիք այն, թէ սուրիական դիւանագիտական կազմի ներկայացուցիչները ամբողջ աշխարհի վրայ հաւատարիմ մնացած են, հակառակ անոր որ մեր դեսպաններուն, հիւպատոսներուն միլիոնաւոր տոլարներ առաջարկուած են: Ատիկա կ՛ապացուցէ այն, թէ որքա՛ն ուժեղ է սուրիական հայրենասիրութիւնը», ընդգծած է Ասատ:

Սուրիական ընդդիմադիր Ազգային համաձայնական մարմինի նախագահ Ահմետ Մաազ Խաթիպ «Անատոլու» լրատու գործակալութեան հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց, որ «եթէ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ իր իշխանութենէն հեռացումին կողքին Սուրիոյ մէջ գոյութիւն ունեցող ներկայ կառավարութեան երկրի վերակազմաւորման համար բոլոր լիազօրութիւնները տայ, կրնայ երկրի հարցերուն մեծ բաժինին վերջ տուող լուծում մը ըլլալ»:

Ան հերքեց, թէ կառավարական որեւէ կողմի հետ ուղղակի կամ անուղղակի կապեր հաստատուած են: Խաթիպ նշեց, որ պահանջուածը Ասատի հեռացումն է, սակայն հեռացման ձեւը կարգաւորման կարիքը ունի:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի յատուկ պատուիրակ Լախտար Իպրահիմիի` սուրիական կառավարութեան եւ ընդդիմութեան ՄԱԿ-ի կեդրոնատեղիին մէջ հանդիպում ունենալու առաջարկին անդրադառնալով յայտնեց, որ Թուրքիա միշտ աջակցած է Իպրահիմիի ջանքերուն: Ան շեշտեց, որ Թուրքիա միշտ ալ «առանց զէնքերու լուծումի մը» կողմ եղած է: «Ներկայիս այդպիսի լուծումի մը մօտ ենք», ըսաւ ան:

Մինչ այդ, ՄԱԿ-ի մարդկային իրաւանց բռնաբարումներու հետաքննութեան յանձնախումբի զեկուցումը նշեց, որ «Սուրիոյ դրացի երկիրները կը շարունակեն աշխուժօրէն սուրիական ընդդիմութիւնը զինել, ինչ որ սուրիական ուժերուն դէմ պատերազմին մէջ անոր ազդուութիւնը կ՛աւելցնէ: Յանձնախումբը առաջարկեց «Սուրիոյ մէջ զէնքերու տարածումն ու ներածումը կրճատել եւ այս հարցը լուծել զանոնք արտածող աղբիւրներուն հետ»` աւելցնելով, որ օտարներու կողմէ ֆինանսաւորումը ոչ միայն սալաֆական խմբաւորումներու ամրապնդման կ՛առաջնորդէ, այլ նաեւ պատճառ կը դառնայ, որ այլ խմբաւորումներ անոնց միանան:

«Արապիա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ ՄԱԿ նշած է, թէ «սուրիական ընդդիմութեան արձակազէնները քաղաքայիններու շարքերուն մէջ մեծաթիւ զոհեր կը պատճառեն»` աւելցնելով, որ «սուրիական վարչակարգի ուժերը հաւաքական սպանդ եւ քաղաքներու ռմբակոծում կը կատարեն` սարսափ տարածելու համար»: ՄԱԿ յայտարարած է, որ ճշդած է Սուրիոյ մէջ ղեկավար դիրքի վրայ գտնուող անհատներ, որոնք պատերազմական ոճիրներու պատասխանատու են` աւելցնելով, որ «ՄԱԿ-ի հետաքննիչները Ապահովութեան խորհուրդէն կը պահանջեն Սուրիոյ մէջ հաշուետուութեան սկզբունքը կիրարկել»:

«Արապիա» նաեւ հաղորդեց, որ Եւրոպական Միութեան նախագահութիւնը յայտնած է, որ «պէտք է Սուրիոյ մէջ զինուորական մագլցումէն զգուշանալ», իսկ Եւրոպական Միութիւնը Սուրիա զէնքի արտածումին դէմ հաստատուած արգելքը երեք ամիս եւս երկարաձգելու որոշում որդեգրած է:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )