Յորդանանի Թագաւորը Այսօր Մոսկուա Կ՛այցելէ

Քրեմլինի մամլոյ ծառայութիւնը հաղորդեց, որ Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորը այսօր Մոսկուա պիտի այցելէ եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ քննարկումներ պիտի կատարէ:

Քրեմլինի մամլոյ ծառայութիւնը յայտնեց, որ Մոսկուայի մէջ տեղի ունենալիք քննարկումները պիտի կեդրոնանան Միջին Արեւելքի տագնապի լուծման եւ Սուրիոյ կացութեան վրայ` նշելով, որ երկու կողմերը նաեւ պիտի քննարկեն երկկողմանի յարաբերութիւններուն թղթածրարը եւ զանոնք առեւտրական, տնտեսական, ներդրումի եւ ուժանիւթի մարզերուն մէջ զարգացնելը:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )