Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ԿԻՐԱԿԻԷՆ երկուշաբթի լուսցող գիշերուան ընթացքին անծանօթներ ռումբ մը նետեցին Թրիփոլիի Ըպըն Սինա փողոցին գրասենեակներէն մէկուն վրայ` պատճառելով չորս վիրաւոր: Բանակը փութաց դէպքին վայրը եւ շրջափակեց Թրիփոլիի Ըպպէ շրջանը:
ՊԱՂԵՍՏԻՆԵԱՆ Այն Հելուէ գաղթակայանին մէջ նախանցեալ երեկոյեան արձանագրուեցան ապահովական շարք մը միջադէպեր, որոնք պատճառեցին վիրաւորներ: Այն Հելուէի Մանշիէ փողոցին մէջ ձեռնառումբ մը թիրախ դարձուց Մահմուտ Մանսուրը: Պայթումէն վայրկեաններ ետք Սալեհ Օուէյտի դէմ կրակ բացուեցաւ եւ ան իր ոտքերէն վիրաւորուելով փոխադրուեցաւ հիւանդանոց: Աւելի ուշ Սայիքայի կեդրոնէն քիչ անդին նետուեցաւ ռումբ մը, որ մարդկային վնասներ չպատճառեց:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մույին Մերեհպի յայտնեց, որ Հըզպալլա Լիբանանը միջամուխ կը դարձնէ Սուրիոյ տագնապին:
ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ նախարար Սելիմ Ժրայսաթի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Փաթրիս Փաուլին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալի յայտնեց, որ միջսուրիական երկխօսութեան ճամբով Սուրիոյ տագնապին քաղաքական լուծման հաւանականութիւնները մեծ են:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Աթեֆ Մաժտալանի յայտնեց, որ Հըզպալլայի զօրակցող քաղաքական ուժերը չեն ուզեր երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարել:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Էմիլ Էմիլ Լահուտ յայտնեց, որ լիբանանեան բանակը երկրին անձեռնմխելիութիւնը կ՛երաշխաւորէ` աւելցնելով, որ Արսալի միջադէպին առումով ոչ մէկ համաձայնութիւն կարելի պիտի ըլլայ գոյացնել:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի յայտնեց, որ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի ճառը երկրին հարցերը կը բարդացնէ եւ ներքին լիբանանեան լարուածութիւնը կը սրէ:
«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման կառչած կը մնայ երեսփոխանական ընտրութիւնները սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին կատարելու յանձնառութեան:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանիի աղբիւրներէն, կը գրէ, թէ հանրապետութեան միւֆթին Իսլամական կրօնական խորհուրդին ընտրութիւններուն պիտի հրաւիրէ մօտիկ ապագային:
ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ Լիբանանէն քաղաքական ակներեւ դէմք մը շեշտեց, որ 14 փետրուարին նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի արտասանած խօսքը անպատասխանատու, սադրանքներ հրահրող եւ գրգռիչ ճառ մըն էր:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, կը նախատեսուի, որ Լիբանանի վրայ միջազգային ճնշումներ բանեցուին` երեսփոխանական ընտրութիւնները սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին կատարելու առումով:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ երեսփոխան Ալեն Աուն յայտնեց, որ իրենք կ՛ուղղուին դէպի Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրինագիծը քուէարկութեան դնելու: Ան աւելցուց սակայն, որ Մուսթաքպալ հոսանքը կ՛ուզէ քանդել Ուղղափառ հանդիպումին օրինագիծը:
ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան աղբիւրներ «Ժումհուրիա» օրաթերթին յայտնեցին, թէ իրենք տակաւին թեկնածու չունին Զղարթայի մէջ` աւելցնելով, որ այդ թեկնածուին ինքնութիւնը պիտի որոշուի ընտրական օրէնքին համաձայն:

