Ժոմպլաթ. «Սէուտական Արաբիա Այցելութիւնս Դրական Է»

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ յայտնեց, որ նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի կեցուածքները` Դիմադրութեան եւ զէնքին, Իսրայէլի հետ տագնապին եւ պաղեստինեան հարցին վերաբերեալ նորութիւն չեն, այլ անոնք բոլորին ծանօթ տեսակէտներ են, որոնք երբեք զարմանալի պէտք չէ թուին:

Ժոմպլաթ ընդգծեց, որ Ռաֆիք Հարիրի մնայուն կերպով պայքարած է ու զօրակցած ի խնդիր արաբական շահերուն եւ պաղեստինցի ժողովուրդին արդար իրաւունքներուն:

Ժոմպլաթ խստիւ դատապարտեց Ռաֆիք Հարիրիի դէմ գործուած անարգ ոճիրը` շեշտելով, որ անհրաժեշտ է բացայայտել անոր դրդապատճառները, պատժել յանցագործները եւ արդարութիւնը պարտադրել:

Ժոմպլաթ վերահաստատեց Միջազգային դատական ատեանին գոյութեան անհրաժեշտութիւնը:

Ան անհեթեթ նկատեց Դիմադրութեան զէնքը մնայուն կերպով բանավէճի նիւթի վերածելը` հաստատելով, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման շատ յստակ էր, երբ առաջարկած էր ազգային երկխօսութեան ընթացքին եւ երկրին պաշտպանութեան ռազմավարութեան շրջագիծին մէջ քննարկել այդ թղթածրարը:

Անդրադառնալով Սէուտական Արաբիա կատարած իր այցելութեան` Ժոմպլաթ յայտնեց, որ ինք Ռիատի մէջ հանդիպումներ ունեցած է Սէուտ Ֆայսալի եւ Պանտար պըն Սուլթանի հետ` աւելցնելով, որ անոնք յանձնառու են Լիբանանի ապահովական կայունութեան պահպանումին, ինչպէս նաեւ կը զօրակցին Սուրիոյ ժողովուրդին` անոր մղած իրաւունքի, ազատութեան եւ անկախութեան պայքարին մէջ, որ պիտի առաջնորդէ դէպի նոր Սուրիոյ կերտումը:

Share this Article
CATEGORIES