ՏԵՍԱԿԷՏ. ՍԹԱԹԻՒՍ ՔՈՅԻ ՈՒԺԵՐՈՒ ԱՌԱՆՑՔԻ ՁԵՒԱՒՈՐՈ՞ՒՄ

Արաբական ծոցի երկիրները մտահոգութեամբ կը հետեւին արաբական աշխարհը ալեկոծող ժողովրդային ըմբոստութեանց: Անոնք կը զգուշանան այդ վարակիչ «ախտէն» եւ վճռած են անոր դէմ պայքարիլ:

Անոնք Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի ծիրին մէջ պաշտպանութեան միացեալ համաձայնագիր մը օգտագործելով չվարանեցան Պահրէյնի մէջ զինուորական միջամտութիւն կատարելով ճնշել տեղւոյն սիւննի թագաւորութեան դէմ ծառացած շիի մեծամասնութեան ըմբոստութիւնը: Բարացուցական են նաեւ Ծոցի շրջանի յառաջատար երկրին` Սէուտական Արաբիոյ կեցուածքները: Ան Եգիպտոսի ժողովրդային ըմբոստութեան դէմ արտայայտուեցաւ, զօրակցեցաւ Հիւսնի Մուպարաքի վարչակարգին եւ Միացեալ Նահանգները այպանեց` հին դաշնակիցի մը դաւաճանելնուն համար:

Սէուտցի կրօնաւորներ եւ քարոզիչներ` վստահաբար Ռիատի ցուցմունքով եւ անոր պաշտօնական կեցուածքը արտացոլող ու գործնական միջոցառումները յուշող կեցուածքով մը, քննադատեցին յաւելեալ ցոյցերու եւ իշխանութեանց դէմ ելլելու կարգ մը իսլամ կրօնաւորներու կոչերը: Ուստի անհիմն չէ լիբանանեան «Ժումհուրիա» օրաթերթին այն հաղորդումը, որ արաբական դիւանագիտական շրջանակներ կը յայտնեն, թէ Ռիատ սուրիական վարչակարգէն չէ հրաժարած, ուստի անոր տապալման վրայ գրաւ չի դներ:

Այժմ կը հաղորդուի, որ արաբական աշխարհի ներկայ իրադարձութեանց լոյսին տակ, իշխանութիւնը կորսնցնելու մտատանջութենէն տառապող վարչակարգեր ունեցող Յորդանանն ու Մարոքը դիմում ներկայացուցած են միանալու Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդին եւ անոնց դիմումը դրական ընթացք ստացած է: Այս զարգացումին հիմքը կը կազմէ հասարակաց անվտանգութեան ապահովման սկզբունքը, որուն սիրոյն կը շրջանցուի Արաբական ծոցէն այդ երկիրներուն աշխարհագրական հեռաւորութեան ստեղծած ակներեւ անպատշաճութիւնը. այլապէս անտրամաբանական պիտի ըլլար, որ Ատլանտեան ովկիանոսին վրայ գտնուող Մարոքը կամ Կարմիր ծովուն վրայ գտնուող Յորդանանը ձգտին Արաբական ծոցի յատուկ կազմակերպութեան անդամակցելու եւ անոնց այդ «անտրամաբանական» ձգտումը դրական կերպով ընկալուէր: Միւս կողմէ, Եգիպտոս որոշեց «մարդասիրական դրդապատճառներով» լիպիացի քաղաքացիներուն արտօնել` առանց անցագիրի մուտք գործել Եգիպտոս: Լիպիոյ մէջ տիրող ներկայ կացութեան լոյսին տակ, ատիկա Եգիպտոսի սահմանակից շրջաններուն տիրապետող ըմբոստներուն զօրակցութեան քայլ մըն է:

Կը թուի, թէ պատմութիւնը ինքզինք պիտի կրկնէ: 1950-ական թուականներուն նման Եգիպտոս-Սէուտական Արաբիա պայքար մը կ՛ուրուագծուի հորիզոնին վրայ: Պայքար մը «յեղափոխական երկիրներու առանցք»ին (առայժմ Եգիպտոս եւ Թունուզ) եւ «սթաթիւս քոյի առանցքին» (Արաբական ծոցի երկիրներուն շուրջ համախմբուած երկիրներ) միջեւ: Իւրաքանչիւր առանցքին կողքին անհրաժեշտ է նկատի ունենալ նաեւ անոնց դաշնակից միջազգային ուժերը: Նման առանցքներու ձեւաւորումը կը սպառնայ կարգ մը երկիրներու մէջ քաղաքացիական պատերազմներ հրահրել: Վա՛յ այն երկիրներուն, որոնք թատերաբեմ կը դառնան ուրուագծուող այդ նոր պաղ պատերազմին:

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES