ԾՈՑԻ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՆԴԱՄՆԵՐԸ ՅՈՐԴԱՆԱՆԻ ԵՒ ՄԱՐՈՔԻ` ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ` ԱՆԴԱՄԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՑԸ ԿԸ ՔՆՆԱՐԿԵՆ
Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի վեհաժողովը երեքշաբթի գիշեր Սէուտական Արաբիոյ մայրաքաղաք Ռիատի մէջ իր խորհրդակցական 13-րդ վեհաժողովի աւարտին հրապարակեց հակիրճ հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ յայտնեց, որ խորհուրդի անդամ երկիրները կը քննարկեն Յորդանանի եւ Մարոքի` խորհուրդին անդամակցութեան դիմումը: Անոնք անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն ցուցմունք տուած են այդ հոլովոյթը ամբողջացնելու համար երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն հետ բանակցութիւններու սկսելու:
Ծոցի երկիրներու ղեկավարները վերահաստատած են Եմէնի եղբայրական ժողովուրդին նկատմամբ իրենց զօրակցութիւնը եւ եմէնեան առնչակից կողմերուն կոչ ուղղած են ստորագրելու Ծոցի արաբական երկիրներուն միջնորդութեան արդիւնք եղող համաձայնութիւնը, որ Եմէնի տագնապի լուծման կարելիութիւնը ունեցող միակ եւ լաւագոյն միջոցն է եւ Եմէնի ապահովութիւնը, կայունութիւնն ու միասնականութիւնը կ՛ապահովէ:
Հաղորդագրութիւնը ողջունեց միջպաղեստինեան համաձայնութիւնը` ընդգծելով, որ հաշտութիւնը պաղեստինեան ազգային միասնականութեան յաղթանակ մըն է եւ արաբ ու իսլամ ժողովուրդներու կոչերուն կատարումը: Ծոցի ղեկավարները պաղեստինցիներուն կոչ ուղղեցին համաձայնութեան կէտերը գործադրելու եւ ներքին ու միջազգային գետնի վրայ պատմական այս առիթը օգտագործելու` վերատիրանալու համար իրենց իրաւունքներուն, Արեւելեան Երուսաղէմը իբրեւ մայրաքաղաք ունեցող իրենց անկախ պետութիւնը հաստատելու համար: Անոնք գովաբանեցին համաձայնութեան գոյացման համար Եգիպտոսի ջանքերը:
Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի անդամ երկիրներու ղեկավարները ողջունեցին Պահրէյնի մէջ հանդարտութեան եւ կայունութեան վերադարձը` գովաբանելով անոր ղեկավարութեան իմաստութիւնն ու ժողովուրդին հաւատարմութիւնը: Անոնք Պահրէյնի նկատմամբ իրենց ամբողջական զօրակցութիւնը ընդգծեցին ընդդէմ որեւէ վտանգի, որուն կրնայ ենթարկուիլ անդամ երկիրներէն որեւէ մէկը: Անոնք նշեցին, որ ապահովութեան եւ կայունութեան պահպանումը հաւաքական պատասխանատուութիւն մըն է եւ խորհուրդի անդամ երկիրներուն ապահովութիւնը մէկ եւ անմասնատելի է:
Ծոցի արաբական երկիրներու ղեկավարները «խոր մտահոգութիւն» յայտնեցին «համագործակցութեան խորհուրդի անդամ երկիրներու ներքին հարցերուն իրանեան միջամտութեանց շարունակման» առնչութեամբ: Անոնք Իրանը ամբաստանեցին անդամ երկիրներուն ազգային ապահովութեան դէմ դաւելու, պառակտում եւ յարանուանական սադրանք սերմանելու, եւ երկիրներուն գերիշխանութիւնն ու անկախութիւնը, ինչպէս նաեւ բարի դրացնութեան սկզբունքը, միջազգային օրէնքներն ու արժէչափերը, ՄԱԿ-ի եւ Իսլամական երկիրներու կազմակերպութեան ուխտը բռնաբարելու յանցանքով: