ՔԻ ՄՈՒՆ ԱՍԱՏԻՆ ԿՈՉ Կ՛ՈՒՂՂԷ ՁԵՐԲԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԴԱԴՐԵՑՆԵԼՈՒ ԵՒ ԲԱՐԵՓՈԽՈՒՄՆԵՐՈՒ ԿՈՉԵՐՈՒՆ ԸՆԴԱՌԱՋԵԼՈՒ

Պան Քի Մուն

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն երէկ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատին կոչ ուղղեց ձերբակալութիւնները դադրեցնելու եւ բարեփոխումներու կոչերուն ընդառաջելու: Ան նաեւ Սուրիոյ կոչ ուղղեց միջազգային քննիչներու յանձնախումբի մը արտօնել Տարաա մուտք գործելու:

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը Ժընեւի մէջ լրագրողներուն յայտնեց, որ ինք յուսախաբ է, որ միջազգային քննիչներուն տակաւին պէտք եղած արտօնութիւնը չէ տրուած: Ան աւելցուց, որ Ասատ իրեն վստահեցուցած է, որ խմբակին պիտի արտօնուի քաղաք մուտք գործել:

Միւս կողմէ, Սուրիոյ վարչապետ Ատել Սաֆար հրապարակեց խորհրդարանական ընտրութիւններու նոր օրինագիծի մը պատրաստութեան յանձնախումբի մը կազմութեան որոշում մը, ըստ որուն, յանձնախումբը իր աշխատանքին արդիւնքը վարչապետին պիտի ներկայացնէ ամէնէն ուշը երկու շաբաթէն:

Նշեալ յանձնախումբի նախագահ, Սուրիոյ արդարադատութեան նախարարի օգնական Նաժըմ Ահմետ «Սանա» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ յանձնախումբը արդէն սկսած է իր աշխատանքին, զոր պիտի աւարտէ ճշդուած ժամանակին: Ան նշեց, որ յանձնախումբը արաբական եւ օտար երկիրներու ընտրական օրէնքները կը սերտէ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES