«ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ ՀԱՐՑԸ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՆԵՐՔԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԱՌՆՉՈՒԱԾ Է» Կ՛ԸՍԷ ԷՐՏՈՂԱՆ
Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան թրքական պատկերասփիւռի 7-րդ կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ «Եգիպտոսի, Եմէնի, Պահրէյնի եւ Ալճերիոյ մէջ պատահած բոլոր դէպքերը թրքական արտաքին քաղաքականութեան ծիրին մէջ հետաքրքրութիւն կը ներկայացնեն, իսկ ինչ կը վերաբերի Սուրիոյ, ապա ատիկա աւելի մեր ներքին քաղաքականութեան առնչուած է, քան` արտաքին քաղաքականութեան, որովհետեւ այդտեղ ազգականական կապեր ունինք»:
Ան աւելցուց. «Ասատի հետ մեր յարաբերութիւնները շատ տարբեր են: Մեր կուսակցութեան իշխանութեան հասնելէն ի վեր անոր առաջարկեցին ջնջել արտակարգ դրութիւնը եւ ժողովրդավարացման հոլովոյթի սկսիլ, եւ ան ըսաւ, թէ արտակարգ դրութիւնը պիտի ջնջէ: Ան խմբակ մը ուղարկեց հետեւելու մեր կուսակցութեան (Արդարութիւն եւ բարգաւաճում) աշխատանքներուն: Վերջերս անոր ներկայացուցի անձնական կարծիքներս եւ իր մօտ անձնական ներկայացուցիչ մը ուղարկեցի: Իր մօտ խմբակ մը ուղարկեցինք, որպէսզի մեր գաղափարները բացատրէ: Անոր կոչ ուղղեցինք ժողովուրդին վրայ կրակ չբանալու, որովհետեւ զինեալ խմբաւորումի մը հետ բախում չկայ, այլ` ժողովուրդին: Մենք չենք ուզեր, որ անցեալը կրկնուի, սակայն դժբախտաբար Սուրիա այդպիսի հանգրուան մը մուտք գործեց»:
Միւս կողմէ, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ Թուրքիա խորապէս տխուր է Եգիպտոսին մէջ տարբեր կրօններու հետեւորդներու միջեւ բախումներուն պատճառով արձանագրուած զոհերուն եւ վիրաւորներուն համար, եւ Եգիպտոսին կոչ ուղղեց յետ յեղափոխութեան ժողովրդավարութեան փոխանցման հոլովոյթին ընթացքին կայունութիւնն ու խաղաղութիւնը պահպանելու:
Հաղորդագրութիւնը շեշտեց, որ Թուրքիա վստահ է, որ եգիպտացի ժողովուրդին մօտ խոր հանդուրժողականութիւնն ու տրամաբանութիւնը պիտի գերիշխեն եւ երկրին կրօնական խմբաւորումներուն միջեւ թշնամանքի ստեղծումը պիտի չարտօնեն: