ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ ԿՐՆԱՅ ԹՐՔԱԿԱՆ ԴՐԱՄԱՏՈՒՆԵՐՈՒ ԴԷՄ ՊԱՏԺԱՄԻՋՈՑՆԵՐ ՈՐԴԵԳՐԵԼ

Թրքական «Վաթան» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ թրքական շարք մը դրամատուներ կրնան Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարարութեան «սեւ ցուցակին» մէջ յայտնուիլ:

Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարարութեան բանբեր Տէյվիտ Քոհեն յայտարարեց, որ եթէ թրքական դրամատուները շարունակեն Ուաշինկթընի «սեւ ցուցակին» մէջ գտնուող իրանեան «Մելաթ» դրամատան մասնաճիւղերուն հետ գործակցիլ, ապա Միացեալ Նահանգներ ստիպուած պիտի ըլլան անոնց դէմ պատժամիջոցներ հաստատելու:

Share this Article
CATEGORIES