ՀԱՆՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ ԱՅՑԵԼԱԾ Է ՊՈԼՍՈՅ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Թրքական «Պէյազկազեթէ» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ մեծագոյն ընդդիմադիր կուսակցութեան` Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան մէկ պատուիրակութիւնը երեքշաբթի օր այցելած է Պոլսոյ հայոց պատրիարքարան, ուր կուսակցութեան փոխնախագահ Օսման Քորութիւրքի գլխաւորած պատուիրակութիւնը հանդիպում ունեցած է Պոլսոյ հայոց պատրիարքական փոխանորդ Արամ արք. Աթեշեանի հետ:

Շուրջ մէկ ժամ տեւած հանդիպումէն ետք տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Քորութիւրք յայտնած է, որ Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութիւնը հաւատարիմ կը մնայ Լոզանի համաձայնագիրով ազգային փոքրամասնութիւններուն տրուած իրաւունքներու պաշտպանութեան:

Պատասխանելով լրագրողներէն մէկուն այն հարցումին, թէ «ինչո՞ւ Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութիւնը յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն իր ընտրացանկին վրայ հայ թեկնածուներ չէ ներառած», Քորութիւրք յայտարարած է. «Մենք տարբերութիւն չենք դներ հայու, յոյնի, հրեայի, քիւրտի թէ չերքեզի միջեւ: Դժբախտաբար, ընտրութիւններուն մասնակցելու համար դիմած 4300 անձերուն շարքին շատ արժէքաւոր մարդիկ կային: Ստիպուած էինք այդ թիւը նուազեցնելով հասցնել 550-ի»:

Լրագրող մը հարցուցած է, թէ «արդեօք պատրիարքարանին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան հարցը քննարկուեցա՞ւ»: Քորութիւրք պատասխանած է. «Այդ նիւթը չքննարկեցինք: Նիւթին առնչութեամբ Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան դիրքորոշումը հետեւեալն է. մենք գիտենք, որ ցաւալի իրադարձութիւններ տեղի ունեցած են, սակայն երկու կողմերն ալ ցաւ տեսած են: Մենք կողմնակից չենք, որ այդ իրադարձութիւններուն տրուի ցեղասպանութիւն բնորոշումը: Թող նիւթը քննարկեն պատմաբանները եւ յստակացնեն: Եթէ քննարկումներուն իբրեւ արդիւնք որոշ բաներ ի յայտ գան, եւ անոնց առնչութեամբ պատմաբաններուն միջեւ համաձայնութիւն ձեռք բերուի, մենք ատիկա կ՛ընդունինք»:

 

 

Share this Article
CATEGORIES