ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԵՐԺ ՍԱՐԳՍԵԱՆ Կ՛ԸՆԴՈՒՆԻ ԵԱՀԿ-Ի ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻՆ ՎԵՀԱԺՈՂՈՎԻ ՆԱԽԱԳԱՀԸ
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց ԵԱՀԿ-ի խորհրդարանական վեհաժողովի նախագահ Փեթրոս Էֆթիմիուն:
Զրուցակիցները կարեւոր նկատեցին ԵԱՀԿ-ի տարբեր կառոյցներուն, ներառեալ` Խորհրդարանական վեհաժողովին հետ Հայաստանի համագործակցութիւնը` ընդգծելով, յատկապէս ժողովրդավարական բարեփոխումներու, անվտանգութեան, մամլոյ ազատութեան, ոստիկանութեան համակարգի բարեփոխումներու եւ շարք մը այլ ուղղութիւններով միացեալ աշխատանքը:
Ըստ նախագահ Սարգսեանի, Խորհրդարանական վեհաժողովը լաւ բեմ է ԵԱՀԿ-ի մասնակից երկիրներու քաղաքական ուժերու եւ գործիչներու փորձն ու կարողութիւնները օգտագործելու, կազմակերպութեան աշխատանքներուն մէջ ներդնելու համար:
ԵԱՀԿ-ի Խորհրդարանական վեհաժողովի նախագահը նշեց, որ վեհաժողովը կը մարմնաւորէ ԵԱՀԿ-ի համար կարեւոր արժէքներ` խաղաղութիւն, անվտանգութիւն, բարեկամութիւն եւ համագործակցութիւն: Ան ընդգծեց, որ կազմակերպութիւնը ջանադրաբար կ՛աշխատի այդ սկզբունքներուն եւ արժէքներուն համապատասխան: Փեթրոս Էֆթիմիու իր կարգին գոհունակութեամբ խօսեցաւ վեհաժողովի ծիրին մէջ հայկական պատուիրակութեան աշխուժ աշխատանքին մասին: