«1 ՄԱՐՏԻ ԻՐԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ Կ՛ՕԳՏԱԳՈՐԾՈՒԻՆ ԻԲՐԵՒ ՊԱՏՐՈՒԱԿ» Կ՛ԸՍԷ ՀՐԱՆԴ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ
ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան երէկ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին չբացառեց, որ Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան քաղաքական աշխուժութիւն պիտի ցուցաբերէ 2013-ի նախագահական ընտրութիւններուն: Սակայն ան նշեց, որ այն դրդապատճառը, որ աշխուժացնէ Քոչարեանը, շատ լուրջ պէտք է ըլլայ:
«Չեմ կարծեր, որ Ռոպերթ Քոչարեան կ՛ուզէ վերադառնալ եւ իրեն թոյլ չեն տար: Այդ տեսակը չէ, որ թոյլտուութեան սպասէ: Թերեւս նպատակայարմարութեան խնդիր կը դնէ ինքն իր վրայ, որ նպատակայարմա՞ր է այսօր իր վերադարձը, որո՞ւն օգտակար պիտի դառնայ, ո՞վ պիտի վնասէ եւ յաջողութեան հասնելու համար որքա՞ն կարելիութիւն ունի: Թերեւս այս հաշուարկումները կան իր մօտ, բայց չեմ կարծեր, որ մէկէ մը կը վախնայ, կամ թոյլտուութեան կը սպասէ», յայտնեց Մարգարեան` ենթադրելով, որ Քոչարեան թերեւս քաղաքականութեան պիտի վերադառնայ միայն 2012-ի խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք:
Պատասխանելով այն հարցումին, որ արդեօք Քոչարեան կարելիութիւն պիտի ունենա՞յ կրկին նախագահի պաշտօնին հասնելու, Մարգարեան նշեց, որ իրեն կը թուի, որ Հայաստանի մէջ բախտը չէ, որ դերակատար է, առայժմ ատիկա այդպէս չէ:
Հրանդ Մարգարեան ընդգծեց, որ ճանչնալով նախագահ Սերժ Սարգսեանը, կը բացառէ, որ իշխանութիւն-ընդդիմութիւն երկխօսութեան իբրեւ արդիւնք իշխանութիւնները զոհ կը դարձնեն Ռոպերթ Քոչարեանը, սակայն թերեւս թուլցնեն անոր դիրքերը:
Ըստ անոր, ամէնէն վատը այն է, երբ 1 մարտ 2008-ի իրադարձութիւնները ոչ թէ քննութեան նիւթ կը դառնան, այլ կ՛օգտագործուին իբրեւ պատրուակ, միջոց Ռոպերթ Քոչարեանի նկատմամբ վրէժ լուծելու կամ զայն վարկաբեկելու համար:
Ան նշեց, որ կարելի չէ միայն իշխանութիւնը մեղադրել 1 մարտի իրադարձութիւններուն գծով` աւելցնելով, որ ոչ ոք կը խօսի, թէ ընդդիմութիւնը ի՛նչ մեղք ունի իր պահուածքով, կամ այդ օրուան ընդդիմութեան ղեկավարութիւնը ի՛նչ ըրաւ իրադարձութիւնները կանխելու կամ հրահրելու համար: Ըստ անոր, ասիկա փոքր անարդար մօտեցում մըն է, որ ցոյց կու տայ, թէ 1 մարտի դէպքերը ըստ էութեան չէ, որ կարեւոր են, այլ 1 մարտը կը քաղաքականացուի եւ քաղաքական հաշուեյարդար տեսնելու առումով կ՛օգտագործուի:
Անդրադառնալով բուն երկխօսութեան, Հրանդ Մարգարեան յայտնեց, որ չի գիտեր, թէ ուղղակի երկխօսութիւն կա՞յ, թէ՞ ոչ. թերեւս կողմերը ճատրակ կը խաղան, բայց Մարգարեան կարծիք յայտնեց, որ ընդդիմութեան եւ իշխանութեան միջեւ կայ միջնորդ, որ շահագրգռուածութիւն ունի: Ան ընդգծեց, որ թէեւ փաստեր չունի, բայց կարելի կը նկատէ, որ այդ միջնորդը Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունն է, որ կրնայ բոլորը միացնել:
Հրանդ Մարգարեան նշեց, որ իշխանութիւն-ընդդիմութիւն երկխօսութեան նիւթը չի կրնար ըլլալ արտակարգ ընտրութիւններու կայացումը, քանի որ երկու կողմերն ալ կ՛ուզեն «իշխանութեան բացարձակ տէրը դառնալ եւ ոչ թէ զայն կիսել»: Ըստ անոր, երկխօսութիւնը ժամանակաւոր բնոյթ ունի:
«Չեմ չարախօսեր, բայց կը հաւատամ, որ անոնք իսկապէս ճատրակ կը խաղան, այս երկրին եւ ժողովուրդին հետ գործ չունին: Ճատրակի հետեւանքը պիտի ըլլայ պարտութիւն կամ յաղթանակ», նշեց Մարգարեան: