ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանի այսօր երեկոյեան պաշտօնական այցելութեամբ մը պիտի մեկնի Թուրքիա:

ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերը երէկ ամբողջ Լիբանանի տարածքին գործադրած իրենց ապահովական միջոցառումներուն շնորհիւ ձերբակալեցին 52 յանցագործներ:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց գործավար նախարար Զիատ Պարուտ յայտնեց, որ Լիբանանի դիմագրաւած քաղաքական տագնապալի կացութեան առընթեր կարելի չէ քաղաքացիներուն ապահովութիւնը վտանգի ենթարկել:

ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի նախագահ, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ ընդգծեց կառավարութեան կազմութեան անհրաժեշտութիւնը` շեշտելով, որ նման կառավարութիւն մը կարեւոր է` պահպանելու համար Լիբանանի եւ Դիմադրութեան գոյութիւնը:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Թամմամ Սալամ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ինան Էօզեըլտըզը, որուն հետ քննարկեց տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները: Հանդիպումին ընթացքին Սալամ շեշտեց Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան անհրաժեշտութիւնը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի քաղաքական գրասենեակի պատասխանատուներէն, նախկին երեսփոխան Մուսթաֆա Ալլուշ շեշտեց, որ գործավար վարչապետ Սաատ Հարիրի միակ անձնաւորութիւնն է, որ կրնայ երկրին կայունութիւնն ու բարգաւաճումը ապահովել:

 

Share this Article
CATEGORIES